2012-01-29 10:45:11

Ռատիովատիկանի 80րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնանք Ռատիովատիկանի Յայտագիրները- Ալպաներէն Լեզուով Հաղորդումները։


Համայնավար վարչակարգի ընթացքին, հաւատացեալները գաղտնաբար ու իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով է որ կ՛ունկնդրէին Հռոմէն ուղարկուած Ռատիոկայանի ալիքներու միջոցաւ Սրբազան Քահանայապետին եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ ձայնը։
Ալպանական յայտագիրը ծնունդ առաւ ճիշդ 60 տարիներ առաջ ընկերակցելով ալպանացի ժողովուրդի ու հաւատացելներու <<գողգոթայի>> ճանապարհին, հաղորդելով՝ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու սէրը, Սրբազան Քահանայապետի վարդապետութիւնը, եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը եւ հաւատքի լաւատեսութիւնը, ճիշդ այն մարդոց՝ որոնք իրենց հաւատքին համար ամէն օր հալածանքի կ՛ենթարկուէին եւ մահուան սպառնալիքի տակ կ՛ապրէին։
Վաթսուն տարուայ հաղորդումներ, նկարագրելու՝ Յիսուսի տանջուած եւ հարստահարուած դէմքը, որ կը ներկայանայ ունկնդիրներու դիմագիծներու միջոցաւ ու անոնց ապրած ու պատմած՝ իրողութիւններուն մէջ։
ինչպէս՝ մանուկի մը անմեղութիւնը, կամ չափահասի արժանաւորութիւնը եւ կամ քահանայի մը նահատակութիւնը ու նաեւ աշխարհականի մը զոհաբերումը Քրիտոսի անունին համար։
Սրբազան Քահանայապետի Ռատիոյի՝ Ալպանական յայտագիրը, ապրեցաւ իր հայրենակիցներուն տառապանքները, ներկայացնելով անոնց ՜՜ խաչուած Քրիստոսը՝՝ անոր ՜՜Յարութեան Յոյսի Աւետիսը՝՝ տանելով բոլոր անոնց որոնք ամէն օր կ՛ապրէին մարդկային հոգիի ամէնէն վատ փորձառրութիւնը ու ներրշնչելով Աստուածային լոյսի ներթափանցումը իրենց կեանքէն ներս։

1982-ին՝ Ալպանական յատագիրի խմբագիրները գրած էին <<Ալպանական յայտագիրը իր հաղորդումները այնպէս մը համադրեց որ՝ անոնք կարողանան խօսիլ երեք տեսակ ունկնդիրներուն՝ Իսլամ, օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ։ եւ 1989-ին նոյն ունկնդիրներէն հասաւ այն արձագանգը թէ Ռատիովատիկանը յոյս եւ սփոփանք ներշնչող միակ Ռատիոկայանն է։ Ան աղբիւր է հաւատքի, ու նաեւ քրիստոնեաներուն ու Ալպանիայի համայն ժողովուրդի համար յոյսի աղբիւր։
Միշտ ուշադիր այժմէական մարտահրաւէրներուն Ալպանական հաղորդումները կը ջանան ունկնդիրներուն հրամցնել Քահանայապետին ու եկեղեցւոյ պատգամը աւետարանի լոյսով անոնց ներկայացնելով կեանքի այբուբէնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.