2012-01-29 10:43:40

Արամ Ա. «Ճանաչումէն Հատուցում» Խորագիրով Համագումար Կը Կազմակերպէ։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած է Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած Համագումար մը՝ «Ճանաչումէն հատուցում» խորագիրով:
Համագումարին պիտի մասնակցին միջազգային ճանաչում ունեցող Համալսարաններու Միջազգային Օրէնքի ու Ցեղասպանութեան Մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Փետրուար 23-25 տեղի ունենալիք սոյն Համագումարին բացումն ու փակումը պիտի կատարէ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Հրաւիրեալ դասախօսներու շարքին են՝ Լոնտոնէն (Անգլիա)՝ փրոֆ. Մալկոսիա Ֆիթցմորիս, Ֆլորիտայէն՝ (ԱՄՆ) փրոֆ. Ֆերնանտօ Թեսըն, Ուաշինկթընէն՝ (ԱՄՆ) փրոֆ. Ռիչըրտ Ուիլսըն, Շուէտէն՝ փրոֆ. Օվէ Պրին, Սիտնիէն (Աւստրալիա)՝ փրոֆ. Մարք Ֆինտլէյ, Ժընեւէն (Զուիցերիա)՝ փրոֆ. Վերա Կոլընտ-Տապաս, Օթթաուայէն (Գանատա)՝ փրոֆ. Փաթրիք Տամպերի, Ֆրանքֆուրթէն (Գերմանիա)՝ փրոֆ. Ռէյնըր Հոֆման, Լոնտոնէն՝ փրոֆ. Մարինա Գիւրջեան, Պէյրութէն (Լիբանան)՝ դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան, Փարիզէն (Ֆրանսա)՝ փրոֆ. Վահէ Թաշճեան, Անգարայէն (Թուրքիա)՝ փրոֆ. Սայիտ Չեթինօղլու, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէնեթ Խաչիկեան եւ միջազգային իրաւունքի յայտնի այլ մասնագէտներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.