2012-01-28 12:41:39

Հայաստանի Հրեաները Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար Քնեսեթին Դիմած Են։


Հայաստանի մէջ բնակող հրեաները Յունուար 27ին Երեւանի մէջ գտնուող Հրեաներու Ցեղասպանութեան զոհերու Յուշահամալիրին մօտ նշած են Ողջակիզումի զոհերու յիշատակի միջազգային օրը: Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավար Ռիմա Վարժապետեանի հետ նոյն օրը կայացած զրոյցին ընթացքին վերջինս նշած է թէ ՝՝յուշարձանի մօտ ծաղիկներ կը զետեղեն եւ մոմեր կը վառեն,յարգելով անմեղ զոհերու յիշատակը: Վարժապետեանի համաձայն, հրէական համայնքը հաւաքին ատեն յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Քնեսէթին դիմած է՝՝:

Ամէն տարի, 27 Յունուարին , հրէական բոլոր համայնքները կը համախմբուին եւ յատուկ կերպով կը յիշեն նաեւ «աշխարհի ն արդարները » կոչուած անձերը , որոնք ցեղասպանութեան ատեն հրեաներու կեանքեր փրկած են:
1 Նոյմբեր 2005ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը ընդունեց «Հոլոքաուսթը ժխտելու» մասին բանաձեւը, որ կը դատապարտէ 1933-45 թուականներուն հրեաներու Հոլոքաուսթի (Ցեղասպանութեան) ժխտումը: Բանաձեւը` Հոլոքաուսթի ոգեկոչման օր հռչակեց Յունուար 27ը` «Օսվիէչիմ-ի / Oswiecim» այսինքն Գերմաներէն ԱՈՒՇՎԻՑի կեդրոնացման ճամբարի` խորհրդային զօրքերուն կողմէ ազատագրման օրը՝27 Յունուար 1945:








All the contents on this site are copyrighted ©.