2012-01-28 12:41:30

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թուէյթին Հանդիպումը Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ։


Շաբաթ 28 Յունուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թուէյթին այցելութիւնը: Վեհափառին ու Ընդհ. Քարտուղարին խորհրդակցութեան հիմնական նիւթը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն էր ու յատկապէս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայութիւնը եկեղեցիներու կեանքէն ներս աւելի աշխուժացնելու եւ ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն դիմաց նոր ծրագիրներ մշակելու հրամայականը: Վեհափառը լսելէ ետք Ընդհ. Քարտուղարին տուած տեղեկութիւնները՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մասին, իր կարգին անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց ու առաջարկներ ներկայացուց շարք մը հարցերու գծով: Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս 1991-էն մինչեւ 2006 երկու շրջանի համար Ատենապետն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց: Խորհրդակցութենէն յետոյ Ընդհ. Քարտուղարը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.