2012-01-28 13:15:14

Աւելի Քան 1500 Ցուցարարներ Բողոքած Են Ի Լուր Երկու Քրիստոնեայ Ղպտիներու Սպաննութեան


26 յունուարին Բարձր Եգիպտոսի Պաղուրա քաղաքին մէջ մահմետական մոլեռանդներ սպաննած են երկու քրիստոնեայ ղպտիներ` հայր ու զաւակ, իրենց վաճառատան առջեւ։ Ի լուր անոնց սպաննութեան, աւելի քան 1500 ղպտի ցուցարարներ ոստիկանատան առջեւ իրենց զայրոյթը յայտնեցին, կը հաղորդագրէ ֆրանսական ԱֆՓ լրատու գործակալութիւնը։ Նշենք որ ղպտիները կը ներկայացնեն Եգիպտոսի բնակչութեան 10 տոկոսը։ Անոնք թիրախ են խտրականութեան եւ զոհ մահմետականներու մոլեռանդութեան։ Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, իսլամ եղբայրներու եւ ծայրայեղ սալաֆիսդներու յաղթանակով՝ Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնը մեծապէս մտահոգ է։ Մելքիթներու յոյն կաթողիկէ պատրիարքը Կրէկուար Գ. ցաւ յայտնեց ի տես Եգիպտոսի քրիստոնեաներու գաղթի նոր ալիքին, որպէս անմիջական հետեւանքը երկրին մէջ տիրող անապահովութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.