2012-01-28 12:41:19

«ԵՍ ԵՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ԶԻՆՈՒՈՐԸ» Կարգախօսի Ներքեւ Հայկական Բանակը Նշեց Իր 20-ամեակը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան երէկ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ներկայ գտնուեցան Հայաստանի զինեալ ուժերու կազմաւորման 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած «Ես եմ հայրենիքիս զինուորը» հանդիսաւոր ձեռնարկին։ Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 20-ամեակի առիթով Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրեց խումբ մը զինուորականներ ու ազատամարտիկներ։

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով` Հայաստանի զինեալ ուժերու ստեղծման 20-րդ տարեդարձին առիթով բանակաշինութեան գործին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ անձնուիրութեան համար, Հայաստանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են Հայաստանի շքանշաններով եւ մետալներով, ինչպէս նաեւ շարք մը զինուորականներու կոչումներ շնորհուած են:
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց պետական պարգեւներու եւ կոչումներու արժանացածները, անոնց մաղթեց առողջութիւն, բարի ծառայութիւն եւ Հայոց բանակի մարտունակութեան անշեղ բարձրացման ուժ եւ կորով:

Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Ուղերձը Հայոց Բանակի 20-ամեայ Յոբելեանի Առիթով։

Յունուար 28-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Հայոց Բանակի 20-ամեայ Յոբելեանի առիթով։ Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ՜ըսուի....
<<Հայոց փառապանծ բանակի 20-ամեայ յոբոլեանի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից հոգու խնդութեամբ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ենք բերում եւ շնորհաւորանքները՝` քաջարի մեր զինուորներին ու զօրավարներին եւ համայն մեր ժողովրդին։
Աղօթում ենք, որ Աստուած Իր հանապազ օրհնութեան ներքոյ պահպանի մեր Հայրենիքը, մեր ժողովրդին՝` ի սփիւռս աշխարհի եւ արագսաւորի մեր ջանքերը ի սէր մեր երկրի, մեր լուսաւոր ալիքի յոյսերի։ Թող Տէրը երկնային խաղաղութեան մէջ հանիստ պարգեւի մարտերում մարտիրոսացած մեր զաւակներին եւ Իր ամենառատ շնորհներով քաջառողջ պահի մեր բանակի զօրավարներին ու մարտիկներին՝` արի ոգով եւ յաղթական բազուկով։ Թող մեր կեանքում միշտ շողա Հայրենիքին ծառայութեան պատիւն ու պարծանքը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.