2012-01-28 12:41:09

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն։


Հայութեան Նպաստը՝ Տպագրութեան Շարժումին
Կիւթենպերկի տպագրութեան գիւտէն (1439) առաջ, շարժական տառերով գիրք տպագրելու գաղափարը ծնունդ առաւ ԺԱ. դարուն, Չինաստանի մէջ, ուրկէ եւ հասաւ Եւրոպա։ ԺԷ. դարու մոլտովացի գիտնական Նիկողայոս Միլեսկուի համաձայն, տպագրական գործին մէջ կարեւոր դեր խաղացած է հայազգի ճանապարհորդ Անտոն Հայը կամ Հայկազունը՝ իր մասնակցութիւնը բերելով Կիւթենպերկի գիւտին ենթահողը նախապատրաստող ճիգերուն։ Աւելի ուշ, երբ Յակոբ Մեղապարտի աշխատանքով 1512ին սկիզբ առաւ հայկական տպագրութիւնը, ,Հայ տիպ ու տառեը եւրոպական բազմաթիւ լեզուներէ առաջ պիտի դառնար Կիւթենպերկեան տպագրական լեզուն որդեգրած 8րդ անդամը, իսկ արեւելեան լեզուներու պարագային, եբրայերէնէ ետք, արաբերէնին հետ միասին պիտի գրաւէր առաջին դիրքը։
Ձեռագիր մատեաններէն տպագիր գիրք այս անցումը, բնականաբար, պիտի առաջնորդուէր հայ գրչագրութեան նուիրականացած աւանդներէն՝ իր անուանաթերթով, երկաթագիր տառատեսակներով, զարդանախշերով, բառակրճատումներով, յիշատակարաններով եւ մանաւանդ՝ առաջադրած նպատակով։ Տպագիր հատորներուն ձեռագիր մատեաններու տեսք տալու այս ձգտումը կը յայտնուէր առաջին իսկ օրէն, երբ հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտ, հայերէնով լոյս տեսած առաջին գիրքին՝ ,Ուրբաթագիրքեի (1512) հրատարակման առիթով կ՛որդեգրէր ո՛չ միայն վերոնշեալ սկզբունքները, այլեւ՝ սեւ եւ կարմիր երկգոյն տպագրութիւնը։ Աւելի՛ն, ի հետեւումն մեր միջնադարեան գրիչներուն, ան իր առաջին գիրքերէն մէկուն՝ ,Պատարագատետրեի յիշատակարանին մէջ կ՛արձանագրէր. ,Գրեցաւ սուրբ տառս ի ՋԿԲ, ի աստուածապահ քաղաքս ի Վէնէժ, որ է Վենետիկ, Ֆռանկըստան, ձեռամբ Մեղապարտ Յակոբին։ Ով որ կարդայք, մեղաց թողութիւն խնդրեցէք Աստուծոյե։ Արդարեւ, որքա՜ն յուզիչ է Մեսրոպակերտ տառերը սուրբ դասելու հայ առաջին տպագրիչին քրիստոնէավայել հաւատարմութիւնը եւ որքա՜ն ուսանելի, յար եւ նման հայ հին գրիչներուն, ինքզինք մեղապարտ կոչելու համեստութիւնն ու ընթերցողներէն իր մեղքերուն համար Աստուծմէ թողութիւն հայցելու երկիւղածութիւնը…։
Արդարեւ, Աստուածաշունչի հայացման հետ, եթէ Ե. դարուն յունարէնէ եւ ասորերէնէ հայերէնի թարգմանուեցան քրիստոնէական նշանաւոր հեղինակներու, իմաստասէրներու եւ գիտնականներու, օրինակ՝ Բարսեղ Կեսարացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի, Յովհաննէս Ոսկեբերանի, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի, Արիստոտելի, Պղատոնի, Փիլոն Աղեքսանդրացիի, Դիոնիսիոս Թրակացիի եւ շատ ուրիշներու երկերը (որոնցմէ ոմանց յունագիր կամ ասորագիր բնագիրները անհետ կորսուած են), մեր առաջին տպագրիչները, իրենց կարգին, հետեւեցան Ոսկեդարու իրենց ուսուցիչներու օրինակին եւ հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուցին նմանօրինակ տպագիր հատորներով։
Եւ այսպէս, հայ տպագիր գիրքը ո՛չ միայն իր կարեւոր տեղը գրաւեց ընդհանրապէս տպագրութեան պատմութեան մէջ, այլ նաեւ եղաւ ընկերն ու ուղեցոյցը լուսածարաւ հայ մարդուն, ոգեղէն հացը՝ հայուն սեղանին, երկնային անձրեւը՝ հայուն հոգիին, անմահութեան ճրագը՝ խաւարին դէմ դարեր շարունակ մարտնչած հայ ժողովուրդին, եւ անշեղ փարոսը՝ տեսլապաշտ սերունդներու յաւերժագնաց գոյերթին։ Հայերէն գիրք տպելով ու կարդալով մենք ո՛չ միայն մեր նպաստը բերինք մշակութային արժէքներու տարածման համամարդկային առաքելութեան, այլեւ՝ մեր քրիստոնէական հաւատքի կենսագործման, ամրապնդելով մեր ինքնութեան պարիսպները եւ վերանորոգ կենսունակութեամբ օժտելով հոգեւոր, բարոյական եւ իմացական արժէքներու ներթափանցումը եւ ծաղկումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։









All the contents on this site are copyrighted ©.