2012-01-27 13:46:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Հաւատոյ Ժողովի Լիանիստ Գումարի Մասնակցողներուն։


Ուրբաթ 27 Յունուար 2012։ Առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Մարք Ուելլէն. ապա Գլեմենթինա սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Հաւատոյ Ժողովի՝ Տարեկան Հաւաքի 70 մասնակիցներուն։
Հուսկ՝ Սրբազան Հայրը ընդունեց Գարբիի եպիսկոպոսը գերապայծառ ֆրանչէսքօ Գավինան ու անոր ընտանեկան պարագաները։


Իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս խօսեցաւ քրիստոնեաներու միութեան հարցին մասին, Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի լոյսով։ Այսօր կարող ենք, ըսաւ Սրբազան հայրը, գոհունակութեամբ՝ նկատել համամիութեան շարժումի դրական պտուղները։ Միաժամանակ պէտք է զգուշանանք այն տիրող գաղափարէն որ ճշմարտութիւնը մարդուն անմատչելի է, հետեւաբար բաւարար է որոնել կանոններ աշխարհը բարւոքելու համար եւ այսպէսով հաւատքը փոխարինել, անհիմն բարոյականի մը վրայ, մինչ լաւ գիտենք որ ճշմարիտ համամիութիւնը հիմնուած է հաւատքի վրայ, որով մարդը՝ ճշմարտութեան կը հանդիպի, Աստուծոյ խօսքին մէջ։ Առանց հաւատքի, համամիութեան շարժումը կը դառնայ ընկերային լոկ դաշինք մը։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը կը սորվեցնէ որ համամիութիւնը անկեղծ փնտռտուքն է բոլոր քրիստոնեաներու միութեան, արմատացած Աստուծոյ խօսքին եւ Աւանդութեան վրայ։
Սրբազան Հայրը, որպէս դրական օրինակ կու տայ Անկլիգան Եկեղեցիէն եկած հաւատացեալները, որոնք բաղձանք յայտնեցին մաս կազմելու Եկեղեցւոյ կատարեալ միութեան, պահելով հանդերձ իրենց հոգեւոր, ծիսական ու հովուական աւանդութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն կաթողիկէ հաւատքին։
Արդարեւ` դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, հոգեւոր հարստութիւնը, որ կը գտնենք քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու մէջ, արտայայտութիւնն է միակ հաւատքին ու պարգեւին, որուն ամէնքս կանչուած ենք կիսելու։
Ուստի համամիութենական երկխօսութեան հիմը պէտք է ըլլայ ՜՜հաւատքը՝՝, նոյնպէս եւ ՜՜սէրը՝՝ հանդէպ եղբօր։ Այդ ուղղութեամբ՝ հարկաւոր է քաջութեամբ դիմագրաւել նաեւ կրօնական վէճերը, միշտ եղբայրակցութեան ոգիով ու փոխադարձ յարգանքով։
Նորին Սրբութիւնը, իր ճառին աւարտին, անդրադարձաւ բարոյականի խնդրական հարցին մասին, որ նոր մարտահրաւէր մըն է համամիութեան համար։ Երկխօսութեան ընթացքին կարող չենք անգիտանալ բարոյական մեծ հարցերը հայող մարդկային կեանքին, ընտանիքին , կենսաբարոյականութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Լաւ պիտի ըլլայ այդ նիւթերուն մասին մէկ ձայնով խօսիլ, հիմնուելով՝ Ս. Գիրքին ու Աւանդութեան վրայ։
Պաշտպանելով Եկեղեցւոյ մեծ աւանդութեան հիմնական արժէքները, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, կը պաշտպանենք մարդը, կը պաշտպանենք արարչագործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.