2012-01-27 13:49:05

Թուրքիա Կը Գլխաւորէ 2011ին Ամենաշատ Դատապարտուած Երկիրներուն Ցուցակը։


Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ (The European Court of Human Rights) 2011ին ամենաշատ դատապարտուած երկիրներուն շարքին «Թուրքիա կը գլխաւորէ սեւ ցուցակը»։ Այս մասին կը հաղորդէ CNN-Turk-ը:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախագահ Նիքոլաս Պրաթզա՝ Սթրազպուրկի դատարանին «2011ի աշխատանքներ»ուն մասին տուած մամլոյ ասուլիսին՝ ներկայացուց այն երկիրները, որոնք դատուած են մարդու իրաւունքները խախտելնուն համար: Պրաթզայի տուած տեղեկութեան համաձայն՝ Թուրքիա անցեալ տարի (2011) 159 դատական գործով խախտած է Մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրին առնուազն մէկ յօդուածը: Թուրքիոյ կը յաջորդեն Ռուսիան՝ 121 դատական գործով եւ Ուքրանիան՝ 105ով:
Մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի առնուազն մէկ յօդուածի խախտումով՝ Սթրազպուրկի դատարանին կողմէ դատուած են Յունաստանը՝ 68, Ռումանիան՝ 58, իսկ Լեհաստանը՝ 54 դատական գործերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.