2012-01-27 13:47:34

Արեւմտեան Ափրիկէի Եպիսկոպոսական Դասերու Միաւորում Լաւագոյնս Դիմագրաւելու Ընկերային Ու Քաղաքական Տագնապները։


Արեւմտեան Ափրիկէի եկեղեցիներու համաձուլումը Արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդին կը սատարէ լաւագոյնս դիմագրաւելու այդ շրջանի ընկերային, քաղաքական ու եկեղեցական հարցերը, (հաստատած է գերապայծառ ֆիլոն կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին)։ Նշենք որ յունուար 23-29 Արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսները ժողով կը գումարեն Փողսսկրեայ Ափունքի Եամուսուքուրօ մայրաքաղաքը, եպիսկոպոսական նոր խորհուրդի օրէնսդրութիւնը սահմանելու եւ ստորագրելու, ունենալով որպէս բնաբան. ''Եկեղեցին՝ Աստուծոյ ընտանիքը, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.