2012-01-27 13:49:14

1920ականներու Հայկական Առաջին Շարժանկարը Կը Ցուցադրուի Պոլսոյ Մէջ:


՝՝Հայ Մշակոյթ եւ Զօրակցութիւն՝՝ Միութիւնը 29 Յունուարին Միութեան հաւաքատեղիին մէջ պիտի ցուցադրէ Հայաստանի աոաջին գեղարուեստական շարժանկարը՝ «Նամուս»ը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս»ը։
Հայ գրականութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Ալեքսանդր Շիրվանզադէի նոյնանուն վէպէն շարժանկարի վերածուած ժապաւէնը կը համարուի 1920ական թուականներու արեւելքը անպաճոյճ կերպով ցոլացնող առաջին շարժանկարը։ Համօ Ռէկնազարեանի կողմէ բեմադրուած շարժանկարի ներքին նկարահանումները կատարուած են Թիֆլի սի, իսկ արտաքին նկարահանումները՝ Երեւանի մէջ։ 1925ին աւարտած շարժանկարին աոաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 13 Ապրիլ 1926ին Երեւանի «Նայիրի» շարժանկարի սրահին մէջ։
Շարժանկարը կը ցոլացնէ նահապետական աւանդոյթներուն եւ սովորութիւներուն անհատներու կեանքին վրայ բանեցուցած ծանր լուծը եւ ճնշումը։ Անխօս շրջանի պատկանող շարժանկարին մէջ գործածուած են ոուսերէն ծանօթագրութիւններ, որոնք այս ցուցադրութեան ընթացքին պիտի ներկայացուին թրքերէն ներքնագիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.