2012-01-26 13:13:08

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործընթացը Կանգնեցնել Հնարաւոր չէ. Կլոր Սեղան Մոսկուայի Մէջ։


Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը սկսած է, եւ զայն կանգնեցնել հնարաւոր չէ: Այսօր այս կարծիքը յայտնած է Սեւծովեան- Կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ հասարակական հետազօտութիւններու ուսումնարանի տնօրէն Վլատիմիր Զախարով` Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման առնչութեամբ Մոսկուայի մէջ հրաւիրուած կլոր սեղանի ընթացքին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Արեւելագիտութեան ուսումնարանի Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի հետազօտութիւններու կեդրոնի փորձագէտ Անտրէ Արեշեւ կարծիք յայտնած է, որ «քանի մը ամիսէն ճանաչման գործընթացը կը կայունանայ»: Արեշեւի խօսքով, եթէ Թուրքիան կը պատրաստուի արեւմտեան կանոններով խաղալ, ուրեմն թուրք գործիչներն ալ պէտք է առաջնորդուին անոնցմով
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի տեղեկութեամբ` փորձագէտները նաեւ առաջարկած են Ցեղասպանութեան Թանգարան հիմնել Մոսկուայի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.