2012-01-26 13:12:58

Եգիպտոս նշեց Միւպարէքը Տապալած Յեղափոխութեան Առաջին Տարեդարձը ։


Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ երէկ դարձեալ հաւաքուած էին Ազատագրութեան հրապարակին վրայ:
Հաւաքի նպատակը «Փարաւոն»-ը` Միւպարաքը գահընկէց ընելու առաջին տարեդարձը նշելն էր: Ցուցարարները նաեւ մէկտեղուած էին յեղափոխութեան շարունակութիւնը պահանջելու համար:
Ցուցարարներ կը պահանջէին զինուորականներէն ամբողջ իշխանութեան փոխանցում քաղաքացիական կառավարման եւ անցեալ տարուան խռովութիւններուն ընթացքին 846 ցուցարարներու սպանութեան մեղաւորներու պատասխանատուութեան ենթարկում:
Գահիրէի Ազատութեան հրապարակի ցուցարարները նաեւ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին ի տես այն փաստին, որ Միւպարաքէն ետք զինուորականներու իշխանութեան ընթացքին 90 ցուցարարներ սպաննուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.