2012-01-25 11:52:54

Քրիստոնաներու Միութեան Շաբթուայ Եզրափակիչ Երեկոյան Ժամերգութիւնը Հռոմի Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Անուան Պազիլիքայի մէջ։


Անցեալ Կիրակի 22 յունուար 2012-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին անդրադառնալով Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուա-ն, հրաւիրած էր բոլոր հաւատացեալները միանալու Յիսուսի` չարչարանքներու նախօրեակին արտասանած աղօթքին <<Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան... Որպէսզի աշխարհը հաւատայ>> հաստատելով որ ամէնքս կանչուած ենք հիացումով նայելու Քրիստոսի յաղթանակին ընդդէմ մահուան ու մեղքին` այսինքն Յարութեան, այն դէպքին որ հիմանականօրէն կը վերանորոգէ ամէն անոնք որոնք կը հաւատան Քրիստոսի եւ որոնց առջեւ Քրիստոս կը բանայ Յաւիտենական Կեանքը եւ Անմահութիւնը:
Արդարեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը կը նշուի ամէն տարի 18 - 25 Յունուար, որու ընթացքին կը կատարուին աղօթքներ Քրիստոսի զանազան Եկեղեցիներու մէջ ի խնդիր Քրտիստոնեաներու Միութեան։ Եւ այս տարուայ խորհրդածութիւնները հիմնուած են Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներու ուղղուած թուղթի հետեւեալ հատուածին վրայ <<ամէնքս պիտի վերանորոգուինք մեր Տէր Յիսուս Քրոստոսի յաղթանակով>>։

Չորեքշաբթի 25 յունուարին` Պօղոս Առաքեալի դարձին տօնին առթիւ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ` Քրիստոնաեաներու Միութեան Շաբթուայ եզրափակիչ երեկոյան ժամասացութիւնը , որուն կը մասնակցին քրիստոնեայ եւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, մատնանշեալու քրիտոնեաներու ձգտումը՝Համամիութեան ։ Ծիսակատարութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բացումը կը կատարէ Ցուցահանդէսի մը, նուիրուած՝ ''Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողով'' ին։
Նշենք որ 25 Յունուար 1959ին էր որ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետը պաշտօնապէս կ՝արտայայտէր Տիզերեական Ժողով մը գումարելու իր փափաքը եւ յառաջիկայ 11 հոկտեմբեր 2012 պիտի նշուի ''Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի'' աշխատանքներու բացման 50- ամեակը։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ կ՛ըլլան Անկլիգան եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Հաւատքի Տարուայ եզրափակումը, այսինքն՝մինչեւ 24 Նոյեմբեր 2013։
Նշենք նաեւ որ Վատիկանի Թղթատարութիւնը 25 Յունուարին յատուկէն կը նշեն ''Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի 50 ամեակը, հրատարակելով յատուկ բացիկներ որոնց վրայ կը ներկայացուի Պօղոս Առաքեալի անուան գեղեցիկ Պազիլիքան ու նաեւ մետալներ Յովհաննէս 23-րդ եւ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետներու դիմագիծերով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.