2012-01-25 11:51:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը եւ Երեկոյան Ժամասացութիւնը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքային Մէջ։


Չորեքշաբթի 25 յունուար 2012։ Տօն՝ Պօղոս Առաքեալի դարձին։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, Ընդհանուր Ունկնդրութիւն շնորհեց բազմահազար ուխտաւորներուն, իսկ յետ միջօրէին ժամը 17.30 Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց Երեկոյան Ժամասացութիւնը եզրափակելով Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը։

Առաւօտեան ժամը 10.30 ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ Պօղոս Զ,ի անուան սրահին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց աղօթքի վերաբերեալ կատարած իր խորհրդածութիւնները ակնարկելով <<վարդապետական աղօթքին >> որ( ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ) Աղօթքն է որ Յիսուս կ՛ուղղէ իր Հօրը՝ չարչարանքի պահուն ։

Այս աղօթքի հիմն է Հրաեներու ՝՝Եոմ Քիփփուր-ի՝՝ տօնը այն է՝Տօն Թողութեան ։ Յիսուս իր Հօր կը ներկայանայ որպէս վարդապետ եւ զոհ։ Յիսուս կ՛աղօթէ ինք իրեն համար, իր փառքին համար ,խնդրելով նախ եւ առաջ Հօր հանդէպ հնազանդութիւն։ Ապա կ՛աղօթէ իր աշակերտներուն համար,շարունակելու իրենց առաքելութիւնը քարոզելու Աստուծոյ անունը մարդոց։ Յիսուսի միջոցաւ Աստուած նոր մօտեցում ունեցաւ մարդոց հանդէպ։ Եւ Յիսուս կը խնդրէ որ իր աշակերտները եւս ըլլան իրեն նման` նուիրուած։ Նուիրուածը այն է որ մէկ կողմ կը դնէ ամէն ինչ եւ ամբողջութեամբ ինքզինք կու տայ Աստուծոյ։ Նուիրուածը առաքեալ մըն է, որ կ՛ապրի աշխարհին համար` մարդկութեան համար` եւ բոլորին տրամադրութեանը տակ է։ Յիսուս ապա կը խնդրէ մանաւանդ Միութիւնը անոնց որոնք կը հաւատան իրեն։ Այս միութիւնը կը բխի Աստուածային Միութենէն Հօր Աստուծոյ` Որդւոյն ու Սուրբ Հոգւոյն միութենէն։ Իրողութիւ մը որ հաւատացեալի սրտին մէջ է։ Եկեղեցին ծնաւ Յիսուսի Աղօթքէն։ Եկեղեցւոյ միջոցաւ Քրիստոսը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ուղեւորելով մարդոց քայլերը դէպի Աստուած։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն` հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով ՝՝Քրիստոնաներու Միուաթեան Աղօթքի Շաբաթը որ այսօր կ՛աւարտի մեզի առիթ կու տայ խորհրդածելու մեր պատկանելիութեան Քրիստոսնի ու անոր եկեղեցւոյ՝՝ ։ Սիրելի Երիտասարդներ` վստահեցէք եկեղեցւոյ ուսուցմունքներուն որ ձեր ամբողջական զարգացումին կը ձգտին։ Սիրելի Հիւանդներ ձեր անձնական ցաւերը նուիրեցէք Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցիի Միութեանը համար։ Իսկ դուք Նորապսակեալներ ձեր զաւակները դաստիարակեցէք վեհանձն սիրոյ տրամաբանութեամբ ճիշդ Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյ օրինակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.