2012-01-25 11:53:03

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՂԵՐՈՒԲՆԱ ԵԴԵՍԱՑԻ .


Կը պարտինք դարձեալ մեր մեծ պատմահայր, Մովսէս Խորենացիին այս անյայտ ասորի հեղինակին մասին մեր ունեցած տեղեկութիւնները։ Սակայն իրմէ զատ` ուրիշ որեւէ հայ պատմագիր չէ յիշատակած Ղերուբնայի` կամ Լերուբնայի անունով մեզի հասած պատմագրութիւն մը։ Որոշ տարակոյս մը կը սաւառնէր Խորենացիի այս յիշատակութեան մասին` մինչեւ 1853 թուականը երբ Փարիզի Ազգային Մատենադարանին մէջ` հայկական բաժնի ձեռագրերուն մէջէն երեւան կու գար նոր ձեռագիր մը` որու նիւթն է Հայաստանի` կամ աւելի ճիշդ, Եդեսիոյ մէջ` քրիստոնէութեան առաջին մուտքի մասին տեղեկութիուններ ու պատմուածքներ։
Գրութիւնը կը կոչուէր ՙԹուղթ Աբգարու թագաւորի Եդեսիա քաղաքի որ է ասորի լեզուով, Ուռհա` որդւոյ Մանովայՙ։ Ապա կ՚աւելցուի. ՙՂերուբնա` որդի Անակայ` որդւոյ Աբդաշարայ` դպրի թագաւորին` գրեաց ամենայն ինչ որք միանգամ իրք եղեն Ադէի Առաքելոյ` ի սկզբանէ մինչեւ ցկատարած։ՙ Ինչ որ կը նշանակէ թէ Ղերուբնա` դպիր մըն էր Աբգար թագաւորին մօտ` եւ իր պաշտօնը կը կայանար գրի առնելու մէջ թագաւորի կեանքին բոլոր գլխաւոր դէպքերը։ Իսկ Աբդաշարը` կամ Աբշադարը` որ իր մեծ հայրն էր` թագաւորին քրմապետն էր` ինչպէս կ՚երեւայ պատմութեան մէջ։
Եդեսիոյ ասորի թագաւորներէն շատեր կրեցին Աբգար անունը. այն որուն պատմութիւնը կը գրէ մեր հեղինակը Աբգար Դ.-ն է` որ ապրած է Քրիստոսի առաջին դարուն` ուստի ժամանակակից` Յիսուսի։ Պատմութեան բնագիրը ասորերէնն է` որովհետեւ հայկական ձեռագրի կարեւոր այս գիւտէն առաջ, արդէն անգլիացի ասորագէտ Գիւրըթոն գտած էր սոյն պատմութեան ասորերէն մէկ ձեռագիրը եւ հարց կու տար հայ մատենագրութեան ուսումնասէրներուն թէ կա՞ր արդեօք հայերէն թարգմանութիւն մը նոյն պատմութեան։ Դժբախտաբար սակայն անգլիացի ասորագէտի մահուընէ ետք միան երեւան եկաւ հայերէն ձեռագիրը։
Պատմուածքի հայերէն լեզուն այնքան մաքուր է որ շատեր զայն կը վերագրեն հինգերորդ դարու գրչի մը։ Հաւանաբար ալ այդպէս ըլլալու է` որովհետեւ Մովսէս Խորենացիի մէջբերումները գրեթէ բառ առ բառ կը համապատասխանեն հայերէն գրութեան։ Հայերէն օրինակին առաջին հրատարակութիւնը տեղի ունեցաւ Վենետիկ` Սուրբ Ղազարի մէջ` Մխիթարեան Հայրերու կողմէ` 1868-ին։ Ապա, նոյն տարին` լոյս տեսաւ Լանկլուաի հաւաքածոյին մէջ` ֆրանսերէն լեզուով։
Ի՞նչ է նիւթը Ղերուբնայի պատմութեան։
Եդեսիոյ Աբգար թագաւորը բռնուած էր բորոտութեան հիւանդութենէն եւ որեւէ դեղ այլեւս անօգուտ դարձած էր։ Լուրեր կու գան իրեն թէ Պաղեստինի մէջ` Յիսուս անունով մէկը բամաթիւ հրաշքներ կը գործէ պարզապէս ձեռք դնելով հիւանդներուն վրայ։ Նոյնպէս ալ շատ մը բորոտներ ամբողջովին բուժուած էին իր մէկ խօսքով։ Խանդավառուած այս լուրէն` անմիջապէս իր դպիրին` Ղերուբնայի գրել կու տայ նամակ մը ուղղուած առ Յիսուս` աղաչելով որ գայ Եդեսիա եւ զինք բուժէ իր բորոտութենէն։
Կը բացատրէ թէ ինչու անձամբ չի կրնար տեղափոխուիլ մինչեւ Պաղեստին` որովհետեւ երկրի մը թագաւորն ըլլալով` իրաւասութիւն չունէր առանց հրամանի շրջագայելու Հռովմէական կայսրութեան իշխանութեան տակ գտնուող երկրի մը մէջ` որպէսզի տեղի չտար թշնամական զգացումներու։ Նամակը կը յանձնէ իր հաւատարիմ նախարարներէն մէկուն, Անանի` որպէսզի ան յանձնէ Յիսուսի ձեռքը։
Բայց երբ Անան կը հասնի Երուսաղէմ` կը գտնէ Յիսուսը արդէն ձերբակալուած քահանայապետի բանտին մէջ։ Յիսուս կը կարդայ Աբգարի նամակը եւ կը պատասխանէ ըսելով. ՙԳնա ըսէ թագաւորիդ` Երանի քեզի որ հաւատացիր առանց զիս տեսնելու։ՙ Անան վարպետ նկարիչ ըլլալով, լաթի մը վրայ կը նկարէ Յիսուսի դէմքը եւ կը դառնայ Եդեսիա։ Հոն, Քրիստոսի պատկերը կը դրուի թագաւորին վրայ եւ ան անմիջապէս կը բուժուի իր բորոտութենէն։
Հետագային Թադէոս Առաքեալ կու գայ Եդեսիա եւ կ՚աւետարանէ թագաւորը եւ բոլոր պալատականները` որոնք քրիստոնէութիւնը կ՚ընդունին եւ կը մկրտուին։ Թադէոսին կը յաջորդէ իր աշակերտը` Ադդէ որ կը շարունակէ աւետարանացումը մինչեւ մահը Աբգարի։ Գահին վրայ Աբգարի կը յաջորդէ իր Սանատրուկ որդին` որ սակայն կը վերադառնայ կռապաշտութեան եւ սպաննել կու տայ Ադդէ Հայրապետը։
Աբգարի ու Թադէի պատմութիւնները շատ մօտիկ են Հայերու սրտին` որով Եդեսիոյ մէջ բամաթիւ Հայեր կը բնակէին այդ շրջաններուն եւ վստահաբար արքունիքի երկրորդ լեզուն հայերէնն էր` ինչ որ արդարացիօրէն թոյլ կու տայ որ Ղերուբնայ Եդեսացին ալ իր տեղն ունընայ հայկական մատենագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.