Զուիցերիոյ Աշխարհականներու Առաքելութեան Բնաբանը ''Մէկը Միւսին Կը Հոգայ՝՝։
Յառաջիկայ 5 փետրուարին Զուիցերիոյ աշխարհականներու առաքելութեան շարժումը կը տօնէ աշխարհականներու
առաքելութիւնը, ունենալով որպէս բնաբան ''Մէկը միւսին կը հոգայ''։ Աշխարհականներու առաքելութեան
նպատակն է, մօտէն հետեւիլ այր եւ կին բանուորներու հարցերուն։ Մեր ընկերութիւնը, յայտարարած
է այս առթիւ Զուիցերիոյ աշխարհականներու առաքելութեան պատասխանատուն, շտապ օգնութեան
կարիքը ունի Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ։ Մեր հաւատքի քարոզութեան ու վկայութեան միջոցաւ
Աստուծոյ խօսքը պիտի աճի ընկերութեան մէջ։