2012-01-25 11:54:25

ԵԱԽԿ-ը ու Ս. Աթոռը միասնաբար կը գործեն կրօնական խտրականութեան դէմ։


Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Խորհուրդի կազմակերպութիւնը եւ Ս. Աթոռը կը հաստատեն իրենց կամքը ՝՝միասնաբար գորցակցելու կրօնական խտրականութեան դէմ՝՝։
23 Յունուարին Վատիկանի արտգործ նախարար` Գերապայծառ Մանպերթին ԵԱԽԿի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունեցաւ ,եւ հանդիպման աւարտին ԵԱԽԿ-ի նախագահը Պետրոս Էֆդիմիու մամլոյ հետ ունեցած իր ելոյթին հաստատեց որ Վատիկանը էական գործակից է կրօնական խտրականութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ եւ մասնաւորապէս կրօնքի շահագործումի դէմ՝ քաղաքական նպատակներուն համար։ Ան ընդգծեց հարկաւորութիւնը պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնը։
Նշենք որ ԵԱԽԿի ստեղծումէն ասդին (1975) Ս. Աթոռը մաս կը կազմէ այդ Խորհուրդին։ Անցեալ 6 դեկտեմբերին Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնուս-ի մէջ Գերապայծառ Մանպերթի ցաւ յայտնեց որ կրօնական ազատութիւնը տակաւին դրժուած է։ Ան նաեւ փափաք յայտնեց որ Քրիստոնեաներու հալածանքի ու խտրականութեան դէմ հաստատուի Համաշխարհային Օր մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.