2012-01-24 11:49:24

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Ուրացումը ՔրէականացնողՕրինագիծը
՝՝Այս Օրը Ոսկի Տառերով Պիտի Գրուի Աշխարհի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Տարեգիրքին Մէջ՝՝ Էդուարդ Նալպանտեան ։


Երկուշաբթի, Յունուար 23ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 7 ժամ տեւողութեամբ քննեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը (որ Դեկտեմբեր 22ին վաւերացուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ) եւ 127 քուէներով վաւերացուց զայն: 86 ծերակուտականներ անոր դէմ քուէարկեցին: Օրինագիծը, որ օրէնքի ուժ պիտի ստանայ, երբ ստորագրուի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումին համար մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի պատիժ մը կը սահմանէ։ Հրէական ողջակիզումը հերքելու համար սահմանուած պատժամիջոցը Ֆրանսայի մէջ ի զօրու է 1990էն ի վեր:
Ծերակոյտը նախ եւ առաջ դէմ քուէարկեց Իրաւական հարցերու Յանձնաժողովի անցեալ շաբթուան այն որոշումին, թէ նշեալ օրինագիծը հակասահմանադրական է: Նշենք, թէ Ծերակոյտի Իրաւական հարցերու յանձնաժողովը հակասահմանադրական նկատած էր օրինագիծը, որուն հետեւանքով Երկուշաբթի օրուան քննարկումը տեղի ունեցաւ, այլապէս՝ բանաձեւը ուղղակի քուէարկութեան պիտի դրուէր:
Յունուար 23ի նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցած Ծերակոյտի Իրաւական հարցերու յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Փիեռ Սիվոր ըսաւ, թէ ինքը կը «ցաւակցի» Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն: «Մենք պարտաւոր ենք վառ պահել անոնց յիշատակը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութեան մեծ վէրքերէն մէկն է, զոր Ֆրանսան ճանչցած է իբրեւ պատմական փաստ: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, ան կրկնեց, թէ համաձայն չէ օրինագիծի վաւերացման: «Մենք չենք հերքեր Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն իրաւասու չենք նման որոշումներ կայացնելու», ըսաւ ան:
Իր կարգին, «Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է եւ որեւէ կապ չունի հայ-թրքական քաղաքական յարաբերութիւններուն հետ», քննարկման ընթացքին ըսաւ ընկերվարական ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախ, աւելցնելով, թէ ուրացումը հանդուրժելը նոյն յանցանքը կրկնելու համազօր է: Անդրադառնալով այն պնդումներուն, թէ խորհրդարանականները պէտք չէ զբաղին պատմութեամբ՝ ան հռետորական հարց մը ուղղելով ըսաւ. «Այդ պարագային Ֆրանսա ինչո՞ւ ընդունեց հրէական ողջակիզման ժխտման քրէականացումը»: Ան նաեւ նշեց, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեծ թիւով հայերու համար Ֆրանսան դարձած է երկրորդ հայրենիք մը, եւ այդ պատճառով ալ պէտք է անոնց իրաւունքները յարգել:
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան այս առիթով կատարած իր յայտարութեան մէջ ըսաւ ՝՝Այս օրը ոսկի տառերով պիտի գրուի ո՛չ միայն ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան պատմութեան մէջ, այլեւ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տարեգիրքին մէջ եւ պիտի լրացնէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման առկայ մեքենականութիւնները: Ես պիտի ուզէի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, Ծերակոյտին, Ազգային ժողովին, Կառավարութեան ու Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին»:
Ծերակուտական Էսթեր Պենպասա ըսաւ, թէ բոլոր երկիրները պէտք է ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ ուրացման ստեղծած այդ բացը ամբողջապէս կրնայ լեցնել միայն Թուրքիան, երբ ինքը եւս ընդունի պատմական այս փաստը: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը անառարկելի փաստ է: Այսօր Թուրքիան, դրսեւորելով հանդուժողականութիւն՝ կ՛արտօնէ, որ իր երկրին մէջ ապրին ազգային տարբեր փոքրամասնութիւններ, քանի որ կը գիտակցի, թէ եւս մէկ սխալ պիտի կործանէ պետութիւնը: Կը հաւատամ, որ Թուրքիա եւս օր մը պիտի ընդունի պատմութեան իր սեւ էջը», ըսաւ ան, աւելցնելով, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կրնայ նպաստել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը:
Ծերակուտական Լիւք Քարվունաս ազդարարեց, թէ Ցեղասպանութիւնը ուրացողները իրենց քայլերով աւելիով կ՛ոգեւորեն ոճրագործները եւ կը նպաստեն նոր յանցանքներու իրականացման: Ան աւելցուց, թէ Ֆրանսայի ծերակուտականները պարտաւոր են պաշտպանել իրենց հայ քաղաքացիներուն իրաւունքները՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ, որ ընդունի իր պատմութիւնը եւ յարգէ հայ ժողովուրդին ցաւը: Ըստ անոր՝ օրինագիծի վաւերացումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ֆրանսա-Թուրքիա համագործակցութեան գործընթացին վրայ՝ անոր իբրեւ ապացոյց բերելով 2001ին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումէն ետք Ֆրանսա-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը: Ան նաեւ անհիմն նկատեց այն պնդումները, թէ օրինագիծին վաւերացումը պայմանաւորուած է Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններով:
Իր կարգին, իշխող կուսակցութենէն ծերակուտական Ռոժէ Քարուշին յայտնեց, թէ Ֆրանսայի հայերն եւ հրեաները պէտք է ունենան նոյն իրաւունքները՝ կարեւոր նկատելով օրինագիծին վաւերացումը: Ան նաեւ անհիմն համարեց այն պնդումները, թէ նման հարցերով միայն պատմաբաններ պէտք է զբաղին՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ, որ իր պատմութիւնը ընդունելով առաջ շարժի:
Նաեւ, խորհրդարանի հետ կապերու հարցերով պետական նախարար Փաթրիք Օլիէն յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը յիշողութեան կամ պատմութեան մասին օրէնք չէ, այլ՝ ֆրանսական օրէնսդրութիւնը ամբողջացնելու միջոց: Ան ըսաւ, թէ ուրացումը «մեծ վիրաւորանք է» մարդկութեան յիշողութեան:
Յայտնենք, թէ օրինագիծի քննարկումէն երկու օր առաջ Եւրոպայի թրքական ամբողջ համայնքը զօրաշարժի ենթարկուած էր, եւ օրինագիծի որդեգրումը արգելակելու նպատակով, Շաբաթ օր Փարիզի կեդրոնին մէջ սկսան ֆրանսացի ծերակուտականներուն վրայ ճնշում բանեցնելու՝ վերջին բազմամարդ ճիգերը գործադրելու, որոնք շարունակուեցան մինչեւ Երկուշաբթի օր:
Թուրքեր շուրջ հինգ հարիւր փոխադրակառքերով Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Բրիտանիայէն եւ Պելճիքայէն եկած էին Փարիզ։ Կազմակերպիչները կը յայտարարեն, թէ շուրջ 35 հազար, իսկ ֆրանսական ոստիկանութիւնը՝ 20 հազար, ցուցարարներ ներկայացած են Փարիզ։ Անոնք կը կրէին Թուրքիոյ, Ալճերիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դէմ արտայայտութիւններով պաստառներ եւ ծաղրանկարներ։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ ողջունած է թուրք ցուցարարները՝ միաժամանակ հեգնական հարց տալով, թէ Ֆրանսա ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ օրինագիծի վաւերացումէն ետք Թուրքիոյ վարչապետը Փարիզի մէջ ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ջնջեց Յունուար 24ին նախատեսուած Պրիւքսէլ իր այցելութիւնը՝ սպասելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումին։
Թրքական մամուլը դիտել կու տայ, որ ֆրանսական կարեւոր թերթեր միաձայնութեամբ անտեսած են թուրքերու մասնակցութեամբ Շաբաթ օրուան մեծ ցոյցը: Թրքական կազմակերպութիւնները նաեւ մօտաւորապէս 60 ծերակուտականներու հետ տեսակցութիւն ունեցած են՝ պահանջելով, որ անոնք «ո»չ ըսեն օրինագիծին։
Նախքան Յունուար 23ի նիստը, Ծերակոյտի շէնքին առջեւ հաւաքուած էին նաեւ հայ ցուցարարներ: Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, թէ հաւաքը խաղաղ բնոյթ ունեցած է, բայց ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է ապահովական խիստ միջոցառումներու:
Նաեւ նախքան քննարկումը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ դարձեալ «հանդարտութեան» կոչ ըրաւ Անգարային, իսկ արտաքին գործոց նախկին նախարար Պեռնար Քուշներ կոչ ըրաւ Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.