2012-01-24 13:08:29

Փաքիստանի Բենժաբ Մարզի Տեղական Իշխանութիւնը Կործանել Տուած Է Կաթողիկէ Բարեսիրական Կեդրոն Մը։


Կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու պատասխանատուները, ''անճիշտ'' որակած են տեղական կառավարութեան այն յայտարարութիւնը, որ Լահորի բարեսիրական կեդրոնի քանդումը գործադրուեցաւ կառավարութեան հրահանգով, որպէսզի պետութիւնը վերստնաձնէ իր կալուածները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները մեծ ցոյց կազմակերպած են, բողոքելու՝ տեղական իշխանութեան անհիմ լուրերուն ու գործադրուած քանդումներու դէմ։ Յայտնենք որ ''Կոշա եւ Աման'' կոչուած բարեսիրական կեդրոնը ունի հիւրասիրութեան օճախ, կարի դպրոց, ծերանոց մը, աղջկանց դպրոց, վանք մը եւ 19-րդ դարուն կառուցուած մատուռ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.