2012-01-24 13:10:43

Սոչի-ի Հանդիպումը։
Սարգսեան Եւ Ալիեւ Պատրաստ Են Բանակցութիւնները Արագացնելու։


Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Երկուշաբթի, Յունուար 23ին կայացած հանդիպումէն ետք, անոնք հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Նկատի ունենալով խաղաղ համաձայնագիրի կնքման կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են արագացնելու հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ համաձայնութիւններու կնքումը՝ նկատի առնելով կատարուած աշխատանքը»։
Ըստ յայտարարութեան՝ նախագահները քննարկած են շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմները՝ նկատի ունելնալով ԵԱՀԿի դիտորդներու վերջին զեկուցումը։
Ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրին մէջ վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն մէկը՝ երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական կապերու զարգացումն է», (ընդգծած են նախագահները)։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, մասնաւորաբար հասարակական եւ գիտական շրջանակներու մէջ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Սոչիի մէջ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին ընդունած են, թէ կողմերը պէտք է ծայրայեղ դիրքորոշումներէ հրաժարին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու կողմերուն դիրքերը իրարու մօտեցնել:
Ըստ Լաւրովի, նախագահներու հանդիպման ընթացքին քննուած է ԼՂ հակամարտութեան լուծման հիմնարար այն սկզբունքները, որոնց շուրջ ցարդ կարելի չէ եղած համաձայնութիւն գոյացնել: «Նախագահները յստակ միտքեր փոխանակեցին դժուար նիւթերու շուրջ՝ հասնելով այն եզրակացութան, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.