2012-01-24 13:10:29

Հրանդ Տինքի Անուան Մրցանակ Իտալացի Լրագրողին։


Հինգշաբթի 26 Յունուարի՝ ժամը 18-ին, Հռոմի Լեւոնեան Հայ վարժարանի հիւրասրահը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ երկլեզու ՜՜Ակօս՝՝ շաբաթաթերթի հիմնադիր ու տնօրէն՝ Հրանդ Տինքի նուիրուած ՜՜միտքի եւ խօսքի ազատութեան 2012 տարուայ մրցանակի տուչութիւնը։
Հայազգի մտաւորականը սպաննուեցաւ 19 յունուար 2007-ին իր իսկ հիմնած թերթի՝ ՜՜Ակօս՝՝ի խմբագրատան դիմաց թուրք երիտասարդի մը կողմէ։
Այս տարի Հրանդ Տինքի անուան մրցանակը կը շնորհուի իտալացի գրող ու լրագրող, իտալական Corriere della sera օրաթերթի խմբագիր եւ անոր երկար տարիներու ընթացքին դէպի հիւսիս արեւելեան երկիրներու թղթակից՝ Ճան Անթոնիօ Սթէլլային , որ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր քրոնիկագիր է ան յատկապէս կը զբաղի քաղաքական նիւթերով։
2007-ին լոյս տեսած է Սթէլլայի ՜՜լա Գասթա ՝՝առանձնաշնորհեալ դասակարգի մասին հատորը զոր գրած է Սէրճօ Րիցցոյի հետ միասին. այս գործը կարեւոր դեր ունեցած է իր գրական ասպարէզին համար։
Իր գործերէն են լ՝օրտա-ն որուն մէջ կը խօսի յատկապէս իտալացի ժողովուրդին գաղթականութեան մասին. (թէ ինչպէս անոնք արհամարուած էին գերմանացի ժողովուրդին կողմէ). 2006-ին գրած է ՜՜իլ մայէսթրօ մակրօ՝՝ վէպը ։
Նշենք թէ՝ 2009-ին լոյս տեսած իր մէկ հատորին մէջ, Ճան Անթոնիօ Սթէլլա անդրադարձած է նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան նաեւ վարած է Իտալիոյ պետական ձայնասփիւռի Radio 3-ի՝ faccia a faccia (դէմ դիմաց) հաղորդաշարը։
Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, յիշենք անոնցմէ՝ ՜՜ Պարծինի մրցանակը, Իսքիա մրցանակը, Սէան Վէանսան լրագրութեան մրցանակը եւ Գրականական ՜՜Լա թօրէ- մրցանակը՝՝։ Եւ այս տարի, 2012-ին՝ Հռոմի Հայ Համայքի Խորհուրդը իրեն կը շնորհէ ՜՜ Հրանդ Տինքի նուիրուած ՜՜միտքի եւ խօսքի ազատութեան 2012 տարուայ մրցանակը։
Ասիկա հինգերորդ տարին ի որ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը կը յիշատակէ Պոլսոյ Ակօս երկլեզու շաբաթաթերթի խմբագրապետ՝ Հրանդ Տինքի սպաննութեան տարելիցը, կազմակերպելով հայ գրող նահատակին՝ անուան նուիրուած <<միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ>> մը, որ կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ լրագրողներուն՝ որոնք իրենց գործունէութեամբ պաշտպան հանդիսացան եւ կը հանդիսանան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ դնելով ճանչցուցին զայն իտալական հանրութեան։ Անցեալ տարի՝ մրցանակը տրուեցաւ իտալացի պատմագէտ եւ Սուրբ Էճիտիոս բարեգործական մարմնի նախագահ՝ Տոքթ. Մարքօ Իմբալիացցոյին։








All the contents on this site are copyrighted ©.