2012-01-24 13:09:34

Հնդկաստանի Քարնադաքա Նահանգը Քրիստոնեաներու Դէմ Հալածանքի Մրցանիշը Շահած Է.


Այդ յարձակումները արարք կը համարուին երկրի հանրավարութեան եւ աշխարահականացումի դէմ։
2011ին, Հնդկաստանի Քարնադաքա նահանգի մէջ արձանագրուած են 49 յարձակումներ ինտուներու կողմէ։ Ասիկա երրորդ տարին է որ նման արարքներ կը գործադրուին քրիստոնեաներու դէմ։ Այս նահանգին մէջ քրիստոնեաներու դէմ կիրարկուած հալածանքը թիւով ամենամեծն է։
Քրիստոնեաներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահը որպէս հալածիչներու մեղսակից ամբաստանած է այս նահանգի քաղաքացիական իշխանութիւնը։ Քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած յարձակումները ամօթ մըն են եւ կ'աղաւաղեն Հնդկաստանի հանրավարութիւնը եւ աշխարհականացումի դրութիւնը։ Յայտնենք որ ինտու ազգային կուսակցութեան իշխանութեան անցնելէ ետք, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը բազմապատկուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.