2012-01-24 13:07:50

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Աւետարանացում եւ Միութիւն։


Նոր աւետարանացումը կրնայ դառնալ պտղաբեր եթէ ամէն քրիստոնեաները հռչակեն միասնաբար Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աւետարանը եւ միասնական պատասխան մը տան ժամանակաշրջանի ծարաւին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անցեալ 18 յունաուրի ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, սկիզբ տալով՝ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի Շաբթուայ նշումին։
Անգամ մը եւս յստակօրէն կը բացայատնուի թէ համամիութենական յանձնառումը կարեւոր տեղ գրաւէ այսօրուայ աշխարհի մէջ, եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ քահանայապետութեան հիմնական ծրագրին։ Նոր աւետարանութեան նիւթը որ մեզի կ՛ընկերանայ դէպի յառաջիկայ աշնան գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին համամիութենական ժառանգութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ՝ Սրբազան Քահանայապետի յայտարարած <<Հաւատքի Տարին>> տիեզերական գետնի վրայ պիտի ունենայ համամիութենական բնոյթ, որ պիտի մատնանշուի յատուկ արարողութիւններով, այնպէս ինչպէս կը կարդացուի Հաւատոյ Ժողովի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ կը յիշեցնէ թէ <<համայն քրիստոնեաներու միութիւնը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի առաջնահերթ ձգտումներէն մին էր եւ որուն 50 ամեակը կը նշուի այս տարի։
Մեր ժամանակաշրջանի հեգեւոր ծարաւը կարիքն ունի միասնական վստահելի եւ հաստատ պատասխանի մը, հակառակ ամէն դժուարութիւններուն։
Սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով ֆինլանտացի պատուիրակութեան մը, նշեց որ <<վերջերս բարոյական հարցերը դարձած են քրիստոնեաներու միջեւ անհամաձայնութեան կէտերէն մին>> այսուհանդերձ <<քրիստոնեաներու>> միջեւ մարդաբանական հարցերու շուրջ համաձայնութիւն մը՝ կարող է օգնել ընկերութիւնն ու իշխանութիւնները իմաստուն եւ արդար որոշումներ առնելու, կապուած՝ մարդու կեանքի կարեւոր հարցերուն ինչպէս նաեւ ընտանիքի հարցերուն։
Այլ բառերով` միութիւն հաւատքի հաղորդակցութեան համար, միութիւն մարդու ուղեւորութեան ի սպաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.