2012-01-24 11:44:44

Հայոց Պատմութիւն
ԴԷՊԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ.


Արմէնները իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին երկու դարերու ընթացքին` Ուրարտուի վրայ, սակայն միշտ ասորական իշխանութեան ներքեւ, մինչեւ որ 7-րդ դարու վերջերը, Մարերը եւ Քաղդէացիները, միացած Հայերուն`կործանեցին Ասորի կայսրութիւնը։ Պարոյր անունով հայ իշխան մը մասնակցած ըլլալով Նինուէի գրաւումին, Մարերը անոր տուին իշխանութիւն թագաւորելու իր երկրին վրայ։
Հայաստան կը մտնէ պատմութեան մէջ…
Մէկ դար վերջ` Կիւրոս Պարսիկը հիմնեց պարսկական կայսրութիւնը, յաղթելով Մարերուն։ Իր յաջորդներէն` Դարեհ Վշտասպեան նուաճեց շրջակայ բոլոր երկիրները եւ հասաւ մինչեւ Հնդկաստան։ Պեհիսթունի մէջ` 521 թուին, կանգնել տուաւ կոթող մը որուն վրայ արձանագրած է այս խօսքերը. Ես նուաճեցի… Պոնտոսը, Արմէնիան...։ Առաջին անգամուայ համար, պատմական արձանագրութեան մը մէջ` կը յիշուի Արմէնիա անունը, որ կը նշանակէ թէ այդ թուականին արդէն երկիրը Ուրարտու չէր կոչուէր, այլ Արմէնիա, այսինքն` Հայաստան։
… Երբ քաղաքակրթութիւնը կը սկսի բարգաւաճիլ աշխարհի մէջ
Հայաստան պատմութեան մէջ կը մտնէ այնպիսի դարու մը մէջ ուր աշխարհի մեծագոյն ազգերը կը սկսին իրենց մտաւոր բարգաւաճումը։ Յոյները կը դնեն հիմը փիլիսոփայութեան. Հռովմայեցիները կը թողուն միապետութիւնը, ստեղծելու համար աշխարհի առաջին հանրապետութիւնը. Հնդկաստանի մէջ` Պուտտայի դարն է եւ Չինաստանի մէջ` Գոնֆուչիուսինը. Ի վերջոյ, Հրէաստանի մէջ երեւան կու գան մեծ մարգարէները։ Ըստ պատմաբաններու, Դարեհի գրաւած բոլոր երկիրներէն ամէնէն դժուարը եղաւ Հայաստանը, որ 12 ամիս դիմադրութիւն ցոյց տուաւ թշնամիին եւ, առաջին մէկ յաղթանակէն ետք, պատերազմը փոխադրեց անոր դաշտին վրայ։
Հայաստան` պարսկական մէկ նահանգ
5-րդ եւ 4-րդ դարերու ընթացքին, Հայաստան կազմեց Պարսկաստանի մէկ նահանգը, որ կը կոչուի 13-րդ սատրապութիւն։ Ան ունեցաւ որոշ ինքնավարութիւն Պարսիկ սատրապներու իշխանութեան տակ. Հայաստան պարտական էր տուրք տալ Պարսիկներուն եւ, պատերազմի ատեն` զօրք տրամադրել։ Այդ շրջանին է որ Քսենոֆոն եւ իր 10.000 յոյն զինուորները (Նահանջ Բիւրուց) անցան Հայաստանէն եւ մեծ պատմագիրը կը դրուատէ հայկական հողի առատ բերքերը եւ համադամ պտուղները. Կը վկայէ թէ այդ դարուն արդէն (Ք. Ա. 4-րդ դարուն) Հայերը կը խմէին գարիի խմորուած ու պղպջալի ըմպելին, որ է գարեջուրը, այսօրուան Պիրան։
Ի՞նչ տուին Հայերը Պարսիկներուն եւ ի՞նչ ստացան
Պարսիկները Հայերուն մէջէն կ՛ընտրէին իրենց զօրավարները եւ պատերազմի ատեն, հայկական հեծելազօրքը, բաղկացած 7.000 ձիաւորներէ եւ 40.000 հետեւակներէ, պարսկական բանակին աջ թեւը կը կազմէր։ Տարեկան` Հայաստանը կու տար Պարսկաստանին 400 տաղանդ (հին դրամ), բնական արտադրութիւններ եւ մանաւանդ 20.000 ձիեր, որով անուանի էին հայկական ձիերը իրենց խիզախ նկարագրով։ Իսկ պարսկական կայսրութեան երկդարեան տիրապետութիւնը` Հայոց համար եղաւ զարգացումի, բարօրութեան ու բարգաւաճումի շրջան մը. Հայերը շատ բան սորվեցան Պարսիկներէն։
Աղեքսանդր Մեծի գալուստը եւ յաղթանակները պիտի փոխէին շատ բան եւ առիթը պիտի տային Հայաստանի ունենալու իր առաջին անկախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.