2012-01-24 13:07:07

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յղած Պատգամի Ներկայացում։


Երեքշաբթի 24 յունուարին ըստ լատինաց Սուրբ ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի տօնն է` Կաթողիկէ լրատուական միջոցներու պաշտպան սուրբը։ Այս տօնին առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30-ին Հռոմի Թրասբոնթինա-ի՝ Սուրբ կոյս Մարիամի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Կարտինալ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի Սուրբ Պատարագ մատոյց մասնակցութեամբ Ռատիօ Վատիկանի երգչախումբին եւ ներկայութեամբ՝ կաթողիկէ լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն ։
Ժամը 11.30-ին՝ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամը, որուն խորագիրն է, <<լրութիւն ու խօսք աւետարանացումի ուղի>>։
Ներկայացումը կատարեցին Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի, սոյն խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Բոլ Թիկէ, օգնական քարտուղարը՝ գերապայծառ ճուզեփփէ Անթոնիօ Սգոթթի, եւ ենթաքարտուղարը՝ Անճէլօ Շելցոն։
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի կողմէ 1963-ին եւ անոր առաջին հանգրուանը նշուեցաւ 1966-ին։
Իր ելոյթի ընթացքին Գերապայծառ Չելլին մատնանշեց թէ ինչպէս Սրբազան Քահանայապետը այս վերջին տարիներուն մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ հաղորդակցութեան մշակոյթի ասպարէզէն ներս արձանագրուած թէքնիք զարգացումներուն եւ փոփոխութիւններուն ու այս տարուայ իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուշդրութիւնը կը դնէ հաղորդակցութեան <<դասական>> մէկ տարրի վրայ , որ է <<լռութիւնը>>։ Լռութիւնը հաղորդակցութեան պակասը չէ, այլ՝ մաս կը կազմէ այն տեղեկութիւններու եւ պատգամներու հոսանքին որ կը բնորոշէ հաղորդակցութեան նոր մշակոյթը։ Խօսքը կը բխի լռութիւնէն ու անոր կը վերադառնայ։
Լռութիւնը կը խօսի, մեր լռութիւնը կ՛արտայայտէ մօտիկութիւն, զօրակցութիւն եւ ուրիշներու հանդէպ ուշադրութիւն. հաստատեց Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։ Լռութիւնը զօրաւոր երեւոյթ մըն է որուն միջոցաւ մեր յարգանքն ու սէրը կը յայտնենք ուրիշներուն։ Լռութեան մէջ մենք կ՛ունկնդրենք ուրիշները, եւ առաջնահերթութիւն կու տանք ուրիշի խօսքին։
Գերպայածառ Չելլին ապա յայտնեց թէ այս պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խօսի լռութեան կարեւորութեան մասին, Եկեղեցւոյ եւ Քրիստոնեաներու հաղորդակից առաքելութեան ուղիով։Խորհրդածութիւն մը Աստուծոյ լռելեան հաղորդակցութեան մասին։ Մարդը լռութեան մէջ կը գտնէ կարելիութիւնը խօսելու Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասին։
Պատգամի վերջին մասը ապա՝ նուիրուած է դաստիարակութեան` ուր շեշտը դրուած է <<աւետարանիչներու>> առաքելութեան <<լռութիւնն ու խօսքը եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան հիմնական եւ լրացուցիչ տարրեր են Քրիստոսի պատգամը տարածելու՝ ժամանակակից աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.