Երկուշաբթի 23 յունուար 2012 առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը
ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսկան Համահաւաք դասի կարք մը եպիսկոպոսներու
որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի
յաջորդին։ Ժամը 11.45 Սրբազան Հայրը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ ֆրանսայի դեսպան Տիար
Սթանիզլաս Լապուլայը հրաժեշտի հանդիպման առիթով։