2012-01-23 13:23:13

Միջազգային Համագումար՝ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ,


Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնեայ-իսլամ Գոյակցութեան Շուրջ ։
Երեքշաբթի 24 Յունուարի երեկոյեան՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, բացումը պիտի կատարուի միջազգային համագումարի մը, նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին միասնական գործակցութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջարկով: Համագումարին կր մասնակցին շուրջ 50 հոգի քրիստոնեայ թէ իսլամ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին պիտի մասնակցին Գերշ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, եւ Հոգշ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան:
Խօսք պիտի առնեն այս առթիւ, Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհ. Քարտուղարը՝ Դոկտ. Մոհամմէտ Սամմաք, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը՝ Դոկտ. Օլավ Թվւէյթ, եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը՝ Դոկտ. Փօլ Րուհանա :








All the contents on this site are copyrighted ©.