2012-01-22 10:03:29

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վանաբնակ Միաբաններուն Կը Յիշեցնէ Հոգեմտաւոր Կազմաւորման Կարեւորութիւնը Միաբանութեան Ծառայական Կեանքին Մէջ։


Վեհափառը վանականներուն ըսաւ.
՜՜ՙԿ’ապրինք զարգացման արագ ընթացքի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ: Մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուած հոգեւորականը իրաւունք չունի հեռու մնալու այն զարգացումներէն ու նուաճումներէն, որոնք տեղի կ’ունենան մեր շուրջը աննախատեսելի արագութեամբ: Ներկայ սերունդին հետ խօսելու համար, ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն ընդառաջելու համար, ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց Աստուծոյ խօսքը քարոզելու համար, հոգեմտաւոր զարգացումը կենսական է:՚ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՀոգեւորականին համար միայն մտաւոր զարգացումը բաւարար չէ. մտաւորին պէտք է ընկերանայ հոգեւորը: Հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորումը զիրար կ’ամբողջացնեն: Հոգեւորականը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ ինքնաշխատութեան ու ինքնազարգացման, զանոնք վերածելով մնայուն ընթացքի իր կեանքին մէջ՝՝:
Արամ Ա. յատուկ կարեւորութիւն կ՝ընծայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններուն հոգեմտաւոր զարգացման՝ այս գծով զանազան ազդու միջոցներու դիմելով, որպէսզի միաբանները լաւ պատրաստուին թէ լեզուներ սորվելով (ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, արաբերէն) եւ թէ երաժշտութիւն։ Իսկ թեմերու մէջ ծառայող միաբաններէն երկու հոգի Գանատայի մէջ կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը եւ այլ միաբան մը Յունաստանի մէջ սկսած է իր համալսարանական ուսման: Երէց միաբաններէն ոմանք արդէն իսկ իրենց համլասարամական ուսումը աւարտած են ու տիրացած համապատասխան վկայականներու:
Վեհափառը յիշեցուց միաբաններուն, որ՜՜ՙուսումը ինքնանպատակ պէտք չէ դառնայ, այլ ան պէտք է վերածուի ծառայութեան: Ուսումնական մարզէն ներս մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնները պէտք է ի սպաս դնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսագործման՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման, մեր հայրենիքի ծաղկման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան հզօրացման՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.