2012-01-21 13:26:41

Սարքոզիի Նամակը՝ Էրտողանին։
Գիտեմ՝ Բարդ է Ընդունիլ Պատմութեան Ընթացքին Եղածը...


Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի՝ երկրի խորհդարանի վերին պալատի Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին քննարկման նախօրէին՝ նամակ յղած է(20 Յունուար) Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
«Յարգելի վարչապետ: Նախ, կը փափաքիմ տեղեկացնել, որ օրինագիծի իրական նպատակը ֆրանսական հասարակութեան մէջ երկար տարիներ առկայ ժխտման զգացողութենէն ազատիլն է ու 100ամեայ վէրքերը բուժելն է:
Նախագիծի գրութեան մէջ չի նշուիր որեւէ պետութիւն կամ ժողովուրդ: Մենք նաեւ շատ լաւ կը հասկնանք, թէ ինչ ցաւ ապրած է թուրք ազգը Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ Օսմանեան կայսրութեան կործանման հետեւանքով: Գիտեմ, որ բարդ է ընդունիլ պատմութեան ընթացքին եղածը: Սակայն, Ֆրանսա ընդունած է շատ դառն ճշմարտութիւն մը` իր մասնակցութիւնը ստրուկներու առեւտուրին, ինչպէս նաեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին երկրի մէջ բնակող հրէաները`գերմանական կեդրոնացման ճամբարներ ուղղարկելը : Ես 2007ին Ալճերիոյ մէջ խոստովանած եմ այն ողջ սարսափը, որ թոյլ տուած է ֆրանսական գաղութատիրութիւնը Ալճերիոյ մէջ: Թուրքիան մեծ երկիր է եւ կարեւոր գործընկեր Ֆրանսայի համար: Կը մաղթեմ մեզի` ինչպէս երկու բարեկամի ու դաշնակիցի, յենուիլ բանականութեան վրայ:
Կը փափաքիմ, որ տեղեկացուած ըլլաք, որ այս օրէնքին հետ առնչուած աւելորդ քայլերը վնաս կը հասցնեն երկու երկիրներու բազմակողմանի յարաբերութիւններուն եւ անոր պատասխանատւութիւնը կ’իյնայ այդ քայլերը կատարողներու ուսերուն»,( ըսուած է ֆրանսայի Նախագահի նամակին մէջ) :








All the contents on this site are copyrighted ©.