2012-01-21 13:22:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Այսօր՝ շաբաթ 21 յունուար 2012-ին՝ (ըստ լատինաց) Տօնն է Սրբուհի Ագնէսին՝ կոյս եւ մարտիրոս։Այս տօնին առթիւ` աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը կ՛օրհնէ 2 նորածին գառնուկներ որուն բուրդով ապա կը հիւսուին <<Պալիումը>> կամ Եմիփերոնը։
Պալիումը կամ եմիփերոնը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը ունի խաչի հինգ զարդարանք՝ որ կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։
Պալիումի գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ պատճառած վէրքերը։ Պալիում որ ինչպէս ըսինք հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ կը տրուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։

Միշտ այսօր, ժամը 11ին՝ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց գերապայծառ Անթոնի Սթանքիէվիչը, ամուսնութեան դատերու Առաքելական բարձրագոյն ատեանի գահերեցը։
Հուսկ Գլեմենթինա սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարեց Առաքելական բարձրագոյն ատեանի տարւոյն՝ ի ներկայութեան ատեանի անձնակազմի 150 անդամներուն։
Յետ միջօրէի՝ ժամը 18ին, Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Մարք Ուելլէն։

Առաքելական բարձրագոյն ատեանի անձնակազմին արտասանած իր երկարաշունչ ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ եկեղեցական այն կարեւոր ձեռնարկին, որ է՝ <<Հաւատքի տարին>> որ պիտի նշուի 2012 - 2013 տարեշրջանի ընթացքին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձին առթիւ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ օրէնսդրութեան գործադրումի երկու տարբեր հոսանքներուն ՜՜բառացի՝՝ գործադրում կամ ՜՜մեկնողական՝՝ գործադրումին։ Սրբազան Հայրը ապա խորացուց այս երկու հոսանքներու ըմբռնումները ու խօսքը եզրափակելով խրախուսեց Ատեանի անդամները հաւատարմութեամբ կատարելու իրենց արօրեայ արժէքաւոր աշխատանքը ու անոնց գործունէութիւնը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.