2012-01-21 13:26:14

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կղերի Ժողովը։


Կազմակերպութեամբ Պուէնօս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Արքեպիսկոպոսութեան եւ Լատին Ամերիկայի Հայ Առաքելական Առաջնորդութեան (որ կ՝ընդգրկէ Պրազիլը,Ուրուկէը,Չիլին,Վէնէզուէլան ու Մէսսիքոն) 10-13 Յունուար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուութեան համար աշխատող քահանաներու,կրօնաւորուհիներու եւ սարկաւագներու ժողովը կայացաւ՝ գլխաւորութեամբը Գերապայծառ Վարդան Պողոսեանի Լատին Ամերիկայի Հայ-Կաթողիկէներու Առաջնորդը։
Սոյն ժողովին Արժանթինը կը ներկայացնէին Գերյարգելի Պապլօ Հաքիմիան-ը եւ սարկաւագ Սեպասթիան Լոպէզ, Ուրուկուէյի համար ներկայ էր Հայր Անտոն Քէչէճեան-ը եւ Մայր Ռուպաթթօ-ի վեղարաւոր երեք կրօնաւորուհիները՝Քոյր Գանտիտա ,Քոյր Քուէրուպինա եւ Քոյր Իմէլտա Քէչէճեան, իսկ Պրազիլի Համար Հայր Անթոնիօ ֆրանչիսքօ Լէլօ, Հայր Սէպասթիան Չեզար Պարպոզա ,Հայր Խոսէ Ալվէս Արաույօ եւ Կիսասարկաւագ ֆապիօ Դա Սիլվէիրա Վակնէր։
Ժողովը տեղի ունեցաւ Պուէնօս Այրէսի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ծխատան մէջ։
Հաւաքի առաջին օրը ժողովի մասնակցողները հոգեւոր կրթութիւն կատարեցին, առաջնորդութեամբը Հայր Խուան Գարլօս Գիլ-ի՝Արքեպիսկպոպոս Պուէնօս Այրէսի։
Ժողովի Երկրորդ Օրուայ հիւրն էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւող Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Միսսաք Մուրատեան որ խօսեցաւ Խորհուրներու մասին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբերու Ծիսակատարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Համամիութեան մասին ունեցած տեսակէտի մասին։ Այս վերջին թէման տեղի տուաւ հարցումներու եւ ժողովի մասմնակիցներու եղբայրական խոր մէկ երկխօսութեան մթնոլորտի ստեղծումին ։
Յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ ուսումնասիրութիւն մը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի՝՝Հաւատքի Դուռը՝՝ Առաքելական Յորդորագրի մասին, որ կը հայի Նորին Սրբութեան հռչակած ՝՝Հաւատքի Տարուան՝՝ որ տեղի պիտի ունենայ 2012-ի Հոկտեմբերէն՝մինչեւ 2013-ի Նոյեմբերը։
Ժողովի վերջին օրերը մասնակիցները ուսումնասիրեցին Նոր Աւետարանացումի վաւերաթուղթը ,քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցումին հայող ,վաւերաթուղթը որ պիտի քննարկուի Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսական ԺԳ.երորդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին։ Այդ առթիւ Նոր Աւետարանացումի նիւթը խորազննեց Հայր Անթոնիօ Լէլօ,Պրազիլի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայ տեղապահը։
Հուսկ Գերապայծառ Վարդան Պողոսեան ներկայացուց 2012-ի հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցը ,յայտարարելով միաժամանակ թէ 2013-ի Յունիսին Ռիօ Տէ Ժանէիրոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը եւ թէ իւրաքանչիւր ժողովրդապետութիւն պէտք է քաջալերէ երիտասարդները մասնակցելու այս կարեւոր հանդիպումին Սրբազան Հօր հետ որ պիտի գտնուի Պրազիլ։
Հուսկ Ժողովի աւարտին մասնակիցները ընդունեցան Ողջոյնը ու Օրհնութիւնը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.երորդ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի,որ մասնակցիներուն հետ հեռախօսային զրոյց ունեցաւ Լիբանանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.