2012-01-20 12:39:59

Պոլսոյ Մէջ՝ Տասնեակ Հազարաւորներ Նշեցին ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ-Ի Սպանութեան 5րդ Տարելիցը։


Հինգշաբթի, Յունուար 19ին տասնեակ հազարաւորներ հաւաքուած էին Պոլսոյ կեդրոնական «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, նշելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան 5րդ տարելիցը եւ իրենց զայրոյթը յայտնելու այն դատավարութեան նկատմամբ, որ պետական անփութութեան կամ նոյնիսկ մեղսակցութեան հարցը չլուսաբանեց։
Տինքի ընտանիքը, բարեկամներն ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները հսկայ թափօրով մը հասան Տինքի սպաննութեան վայրը,ԱԿՕՍի խմբագրատունը,ուր կարմիր ծաղկեպսակներ զետեղեցին։
Շուրջ 40 հազար ցուցարարները, դէպի Հալասքիարկազի Պողոտային վրայ գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատուն եղած քայլարշաւը կատարեցին՝ « Հրանդին Համար-Արդարութեան Համար» կարգախօսով։
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ «Թաքսիմ» հրապարակէն ցուցարարներու հեռանալու ընթացքին, մօտաւորապէս 30 թուրք ազգայնամոլներ քարկոծած են հրապարակին վրայ գտնուող ճաշարան մը եւ քանի մը խանութներ՝ նիւթական վնասներ պատճառելով:
Սպանութեան 5րդ տարելիցէն երկու օր առաջ արդարեւ հրապարակուած դատական վերջնական վճիռը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց թէ պետական եւ թէ հասարակական շրջանակներէ ներս ու Հրանդ Տինքի մերձաւորներուն մօտ։
Յայտնենք նաեւ, որ Հրանդ Տինքի դատավարութեան վճիռը լայն արձագանգ գտաւ նաեւ Եւրոպայի մէջ. հեղինակաւոր կուսակցութիւններ ու թերթեր շեշտեցին, թէ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը աւելի մեծ բարեշրջումներու կարիքն ունի։

Իր կարգին, մամլոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ Տունիա Միհաթովիչ յայտնած է, թէ Տինքի սպանութենէն հինգ տարի անց դարձեալ ակնյայտ է, որ արդարադատութիւնը չէ յաղթանակած: Ան ազդարարած է, որ սպանութեան դրդողները անպատիժ ձգելու քայլը ուղերձ մըն է հասարակութեան, թէ՝ նման յանցագործութիւններ հանդուրժելի են:
Նաեւ, թուրք քաղաքական ծանօթ վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ յայտարարեց, թէ Տինքի սպանութեան հարցով դատարանը այնպիսի վճիռ մը ընդունած է, որ նոյնիսկ՝ «ագռաւներուն ծիծաղ պատճառած է», աւելցնելով, որ այդ վճիռով «Հրանդը անգամ մը եւս սպաննեցին Թուրքիոյ մէջ»:
«Ոստիկանները եւ նահանգապետը գիտէին, որ Հրանդ պիտի սպաննուի, սակայն անոնք միայն զգուշացուցած էին Հրանդը՝ առանց զայն պաշտպանելու: Միթէ ա՞յս է արդարութիւնը, խիղճը, գթասրտութիւնը: Ուսանողները ու գովազդ փակցնողները կալանող, նոյնիսկ երեք հոգիով կատարուած գործողութիւնները ահաբեկչական խմբաւորումի գործ համարող Դատարանը, այժմ համոզուած է, որ Հրանդի սպանութեան հարցով կազմակերպուածութիւն չէ եղած: Արդեօք ծիծաղելի չէ՞: Դատարանի այս ամօթալի որոշումը կրնայ բեկանել միայն վճռաբեկ ատեանը՝ հանգստացնելով մարդոց խիղճը: Տինքի արիւնը պէտք չէ անտեսուի. Հրանդը արժանի չէ անոր: Ան հայ ըլլալուն համար է որ նման վերաբերմունքի կ՛արժանանայ»( ըսած է Պիրանտ) :
Իսկ «Հիւրրիյթ»օրաթերթի աշխատակից յայտնի լրագրող եւ գրող Ահմետ Հաքան համացանցային «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ Չորեքշաբթի գրած էր, որ նոյն օրը «Սի.Էն.Էն.» կայանէն պիտի քննէ Տինքի ոճրագործութեան նիւթը,եւ թէ ՝՝ինքը հայ մըն է՝՝։ «Մարմարա» կը գրէ, թէ Հաքան իր այս տեղեկատուութենէն ետք ազգայնամոլներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է եւ լուրին հետեւող անձ մը, երբ «Դո՞ւն ալ հայ եղար» հարցումը ուղղած է Հաքանին, վերջինս պատասխանած է. «Այո՛, եղայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, վիրաւորուեցա՞ր ատոր համար»։
Այս պատասխանէն ետք Ահմետ Հաքանի դէմ յարձակումը շարունակուած է: Հաքան իր դէմ յարձակում գործող անձերուն հետեւեալ պատգամը տուած է. «Ցեղապաշտ բոլոր ազգայնամոլներուն յամառութեամբ պիտի ուզեմ աղաղակել ըսելով «այո ես հայ եմ »եւ ասիկա իսկապէս թուրք լրագրողը յայտարարեց ուղիղ եթերով ալ CNN/Turk հեռուստակայանէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.