«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Ունեցած Նշանակալի Աւանդին Համար» Մրցանակաբաշխութիւն՝
Սփիւռքի Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ :
Յունուար 18ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի
կազմակերպած «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» համահայկական
2011ի մրցանակաբաշխութեան յաղթողներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ըստ
Սփիւռքի նախարարութեան հաղորդագրութեան` արարողութեան ներկայ էին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,
Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի փոխնախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեան, գիտնականներ,
դասախօսներ, լրագրողներ եւ այլք: Մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի
համայնքներուն մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումը, գնահատել ռազմավարական
այս գործին մէջ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ունեցած ներդրումը: