Գերապայծառ Մամպերթի` Վատիկանի արտգործ նախարարը, ներկայիս Սենեկալ կը գտնուի տօնախմբելու՝
Վատիկան-Սենեկալ դիւանագիտական կապերու հաստատման 50րդ տարեդարձին առիթով։ Վատիկանի
արտգործ նախարարը, տեղական մամուլին հետ ունեցած՝ ելոյթին ընթացքին, իր գոհունակութիւնը
յայտնած է, ի տես երկու պետութիւններու գոհացուցիչ կապերուն։ Ան մասնաւորապէս մատնանշած
է թէ՝ Վատիկանի ու Սենեկալի միջեւ կապերը ունին որպէս հիմ՝ ՜՜երկխօսութիւնը մշակոյթներու
եւ կրօններու՝՝ եւ միաժամանակ գնահատած է տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարած աշխատանքը
հայող դաստիարակութեան, առողջապահութեան ու մարդկային զարգացումին։ Սենեկալ կեցութեան
ընթացքին, գերապայծառ Մամպերթի տեսակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին եւ արտգործ
նախարարին հետ։ Այս վերջինը յայտարարած է որ իր երկիրը պատրաստ է ընդունելու Պենետիկտոս
ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, ըսած է
ան, մեր երկիրը այցելելով՝ ժողովուրդին հաղորդեց խաղաղութեան, զօրակցութեան եւ հաշտութեան
պատգամները։։