2012-01-19 13:48:55

ՀՐԱՆԴ ՏՒՆՔ-ի Ընկերներու ու Հարազատներու Քայլարշաւը Անոր Սպանութեան 5րդ Տարելիցի Առթիւ՝Պոլսոյ Մէջ։


Այսօր 19 Յունուար Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հինգերորդ տարելիցին օրը, հայ լրագրողի ընկերները եւ հարազատները թէափօրագնացութիւն կազմակերպեցին դէպի անոր սպանութեան վայր` այն է՝«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը:
Հինգ տարի առաջ այս օրը` 19 Յունուար 2007ին, պոլսահայ լրագրողը սպաննուեցաւ Պոլսոյ Շիշլի թաղը գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատան ճիշդ առջեւը, ետեւէն գլխուն արձակուած հրազէնային երեք կրակոցներէ:
17 Յունուարի Դատարանի վճիռը քննադատեց Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանուհին՝ Ֆեթհիէ Չեթին զայն որակելով իբրեւ «քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդոյթ»:
Այսօր Հրանդ Տինքի սպանութեան օրուան յիշատակին նուիրուած երթ տեղի կ'ունենայ նաեւ Երեւանի մէջ: Մասնակիցները կը քալեն դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան վճիռին վերաբերեալ «Canal D» հեռուստաալիքին լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հարցումներուն պատասխաննելով՝ ըսած է, թէ հասարակութեան մօտ անհանգստութիւն կայ, բայց այս վճիռը վերջնական չէ, ասկէ ետք անշուշտ բողոքարկման փուլը կայ: Այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները։
Նոյնպէս Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, իր հերթին,
պատասխանելով Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավճիռին վիրաբերեալ թղթակիցներուն հարցումին՝ ըսած է, թէ դատական գործընթացը չէ վերջացած, հասարակութեան հակազդեցութիւնը կը տեսնէ, բայց պէտք է սպասել դատական գործընթացի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.