2012-01-18 13:58:30

Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահին Ելոյթը Իտալական Եկեղեցւոյ ''Սիր'' Գործակալութեան Հետ։


Համա-օրթոտոքս եկեղեցւոյ սիւնոդոսը կարող է սատարել կաթողիկէ-օրթոտոքս եկեղեցիներու մօտեցումին։
Կարտինալ Քոխ` նախագահը Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, իտալական եկեղեցւոյ ''Սիր'' գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով, յայտնած է որ կաթողիկէ-օրթոտոքս աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբը կը գտնուի շատ դժուար կացութեան մը առջեւ, երկխօսութիւնը չի կրնար յառաջդիմել ցորքան համա-օրթոտոքս եկեղեցւոյ սիւնոդոսը չգումարուի։ Կարտինալ Քոխ գոհունակութեամբ մատնանշած է որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կապերը Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ շատ լաւ են, իսկ Մոսկուայի պատրիարքութեան հետ կապերը շատ բարւոքած են։
Մինչ աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի հայող աշխատանքները, (ըսենք ամենայն պարկեշտութեամբ) անել կացութեան մը առջեւ կը գտնուին, մասնաւորապէս Քահանայապետին դերին հարցով, քրիստոնէութեան առաջին հազարամեակին։
Մեր մաղթանքն է որ շուտով գումարուի համա-օրթոտոքս եկեղեցւոյ սիւնոդոսը, որմէ կախում ունի եկեղեցիներու համամիութիւնը։ Յայտնենք որ համաօրթոտոքս եկեղեցւոյ սիւնոդոսի պատրաստութիւնը սկսած էր 35 տարի առաջ, եւ կարող է որ տեղի ունենայ 2012-ին, անիկա պիտի համախմբէ բոլոր այն եկեղեցիները որ ծնունդ առին 1054ի մեծ բաժանումէն ետք։ Օրթոտոքս եկեղեցիները կը ներկայացնեն շուրջ 220 միլիոն հաւատացեալներ։
Նշենք որ՝ Կ.Պոլսոյ Աթենակորաս պատրիարքը նախաձեռնած էր Սիւնոդոսը 1966-ին ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Գերմանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, անցեալ 24 սեպտեմբեր 2011-ին, օրթոտոքս համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ բաղձանք յայտնած է որ սկիզբ առնէ համաօրթոտոքս Սիւնոդոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.