2012-01-18 11:46:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 18 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ համախմբուած՝ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը սկիզբ կ՝առնէ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբաթը։ Տարեկան այս հոգեւոր հանդիպումը կ՛աճեցնէ Միութեան գիտակցութիւնը որուն կը ձգտինք եւ որը կարելի չէ ձեռք բերել միայն՝ մեր մարդկային ջանքերով, այլ՝ դիմելով Բարձրեալին պարգեւին։

Այս աղօթքի ութօրերքը ըլլալու է << Քրիտոնեայ համայն ժողովուրդի միաձայն կոչը>> որ Աստուծմէ կը հայցէ այս պարգեւը։ Արդարեւ աղօթքը կը հանդիսանայ հիմնական ու առաջին ճամբան հասնելու՝ իսկական եւ ամբողջական հաղորդութեան։ Յիսուս ինքն ալ աղօթած էր ու իր հօրմէ խնդրած՝ միութիւնը իր չարչարանքէն առաջ։ Այս տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ նիւթն է <<Ամէնքս պիտի բարեփոխուինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակով>>։ Այս յաղթանակը կարելի չէ ունենալ ուժով կամ իշխանութեամբ։ Այլ սիրոյ յաղթանակն է` փոխադարձ օգնութեան ու ծառայութեան յաղթանակը։ Հետեւաբար մենք ալ յաղթական կ՛ըլլանք եթէ թոյլ տանք որ Աստուած բարեփոխէ մեզ, դիմելով՝ ապաշխարութեան։
Սիրելի բարեկամներ` -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր ճառի աւարտին - իրազեկ ըլլանք թէ միութեան պակասը աւետարանի հռչակման առջեւ արգելք մըն է։ Միութիւնը որուն համար կ՛աղօթենք կը պահանջէ Աստուծոյ նկատմամբ ամրապնդելու մեր հաւատքը, Այս Աստուածը որ մեզի խօսեցաւ եւ մարդկացաւ Յիսուսով։ Քրիստոսի հետ սերտօրէն ապրելով կարող կ՛ըլլանք անոր մասին վկայելու մեր շուրջիններուն եւ աճեցնելու ճշմարտութեան եւ ողորմութեան հաղորդութիւնը։

Սրբազան Հայրը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Ձեզ կը հրաւիրեմ սիրելի երիտասարդներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, վեհանձնութեամբ վկայելու ձեր հաւատքը ի Քրիստոս որ կը լուսաւորէ ձեր կեանքի ուղին։
Հաւատքը թող ըլլայ մշտական մխիթարութիւն ձեր տառապանքներուն սիրելի հիւանդներ, իսկ ձեզի սիրելի նորապսակեալներ Քրիստոսի լոյսը ըլլայ ձեր ընտանեկան կեանքի համար իսկական լուսաւորութիւն։









All the contents on this site are copyrighted ©.