2012-01-18 11:53:14

Հրանդ Տինքի Սպաննութեամբ Միայն Գլխաւոր Մեղադրեալը Ցմահ Բանտարկութեան Կ՝ենթարկուի։
՝՝Այսքան Մեծ Հեգնանք Մը Չէինք Սպասէր՝՝ կ՝ըսէ Փաստաբան ֆեթհիէ Չեթին։


Պոլսոյ առաջին ատեանի 14-րդ դատարանը «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի գործով ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է միայն գլխաւոր մեղադրեալ Եասին Հայալ-ը։

Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին քննադատած է դատարանի վճիռը` ըսելով, որ անիկա կը նշանակէ, որ «քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւն»-ը միտումնաւոր կերպով անփոփոխ մնաց, քանի որ ան չ՛առնչուիր 2007-ի Տինքի սպանութեան պետութեան ներգրաւման վերաբերեալ մեղադրանքներուն:
«Հինգ տարի տեւած դատական հոլովոյթին ընթացքին անոնք հեգնեցին մեզ: Մենք չէինք սպասեր, որ անոնք մեծագոյն կատակը կը ձգէին վերջին պահուան համար» (ըսած է փաստաբանուհին դատարանի վճիռը յայտարարուելէն ետք) :
«Այս վճիռը կը նշանակէ, որ սովորութիւն մը անփոփոխ մնաց ՝՝քաղաքական սպանութիւններու պետական աւանդութիւնը՝՝ որ խտրականութիւն կը դնէ իր քաղաքացիներուն միջեւ եւ զիրենք կը վերածէ թշնամիներու» աւելցուցած է Չեթին:
Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանը նաեւ խոստացած է օգտագործել դատական բոլոր կարելի միջոցները ընդդէմ դատարանի վճիռին` վստահեցնելով, որ առաջին ատեանի դատարանի այս վճիռը Տինքի գործի միայն սկզբնական փուլն է:
Վճիռի աւարտին բազմահազար հոգիներէ բաղկացած մեծ թափօր մը Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակէն մեկնելով յետիոտն գացած է ԱԿՕՍ-ի Խմբագրատունը ուր Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ շէնքին ճիշդ առջեւը 19 յունուար 2007-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.