2012-01-18 11:46:21

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը։


Այսօր՝ Չորեքշաբթի 18 Յունուար 2012, սկիզբ կ՝առնէ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը, որուն ընթացքին կը կատարենք աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար.
Զանազան դարերու ընթացքին բաժանումներ յառաջացած են Եկեղեցւոյ մէջ, հետեւանք՝ քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ վարդապետական անհասկացողութիւններուն։
Այսօր գրեթէ հարթուած են այդ վարդապետական բաժանմունքները եւ երկուստեք անկեղծ փափաք մը կայ իրար հանդիպելու վերջնականապէս լուծելու համար այս կացութիւնը։
Քրիստոնեաները որպէսզի կարենան իրագործել Յիսուսի իրենց յանձնած պատգամը, որ է տարածել իր աւետարանը բոլոր աշխարհի վրայ, պէտք է որ միանան, եւ ցոյց տան թէ իրենք հարազատ եղբայրներ են իրարու։
Որեւէ բաժանմունք կամ հակառակութիւն պիտի չնպաստէ իրենց այս կոչումին, Տիրոջ պատգամը տարածելու համար աշխարհի վրայ։
Եւ այս միութեան համար կ՛աղօթենք այս շաբթուայ ընթացքին։
2012 տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան նիւթն է ՜՜Ամէնքս պիտի բարեփոխուինք Յիսուսի Քրիստոսի յաղթանակի միջոցաւ՝՝ (Ա. Կոր 15, 51-58) քաղուած՝ Պօղոս առաքեալի Կորընթացիներու ուղղուած թուղթէն, եւ պատրաստուած՝ Լեհաստանի համամիութենական՝ ՜՜կաթողիկէ, օրթոտոքս, նախաքաղկեդոնական կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու նաեւ բողոքական հասարակութեանց ներկայացուցիչներու կողմէ՝՝ որոնք՝ երկար խորհրդակցութենէն ետք, որոշեցին կեդրոնանալ թեմայի մը շուրջ որ կը հայի Քրիստոսի հաւատքի ունեցած փոխակերպիչ զօրութենէն, յատկապէս առընչուած՝ մեր այսինքն՝ ՜՜քրիստոնեաներու՝՝ կատարած աղօթքին Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի Մարմնին տեսանելի միութեան։
Թեման որ ընտրուած է՝ Պօղոս առաքեալի Կորընթացիներու ուղղուած թուղթէն ՜՜Ամէնքս պիտի բարեփոխուինք Յիսուսի Քրիստոսի յաղթանակի միջոցաւ՝՝, կը խօսի յատկապէս ներկայ կեանքին եւ յաղթանակի նշանակութեան մասին, բաղդատութեան մէջ դնելով այն ինչ որ կը ստանանք Քրիստոսի Յաղթանակէն, Յարութեան Խորհուրդին ընդմէջէն։
Նշենք որ 18-25 Յունուարի (ամէն օր) երեկոյեան ժամը 8-ին՝ Հռոմի՝ Սանթա Մարիա Ին Վիա Լաթա եկեղեցւոյ մէջ, Ս Զոհեր պիտի մատուցուին կաթողիկէ արեւելեան ծէսով՝ մասնակցութեամբ՝ Հռոմի Քահանայապետական դպրեվանքերուն որոնց շարքին նաեւ Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանը.( յիշենք որ ամէն տարի Հայածէս Ձայնաւոր Պատարագին մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ կ՝ըլլան ու կը գնահատեն մեր Սրբազան երգեցողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.