2012-01-18 11:53:29

«Հնդկաստանը Հայերու Աչքերով» Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ ։


Հնդկաստանի Հանրապետութեան օրուան 63րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ծիրէն ներս Հայ-Հնդակական բարեկամութիւն կազմակերպութիւնը, Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանատան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Հնդկաստանը հայերու աչքերով» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս մը : Ցուցահանդէսը տեղի կ'ունենայ Նարեկացի Արուեստի Միութեան կեդրոնէն ներս, եւ կը շարունակուի 3 օր` Յունուար 20էն մինչեւ Յունուար 22:
Նախաձեռնութեան նպատակն է ներկայացնել Հնդկաստանի մշակութային եւ պատմական հրաշքները` նկարահանուած Հնդկաստան այցելած հայ ճամբորդներու կողմէ:
Իւրաքանչիւր տարի բազմաթիւ հայեր կ’այցելեն Հնդկաստան, տարբեր նպատակներով եւ տեսախցիկի միջոցով Հնդկաստանէն իրենց հետ կը բերեն յիշողութիւններ: Անոնք իրենց սեփական պատկերացումներն են Հնդկաստանի մասին,ու անոնք կը բաժնեկցին իրենց մտերիմներուն հետ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան գլխաւոր հիւրը կ’ըլլայ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աչալ Կումար Մալհոթրա:








All the contents on this site are copyrighted ©.