2012-01-17 13:51:58

Հրեայ-Կաթողիկէ Երկխօսութեան Խորացումի Ու Զարգացման 23-րդ Օրը։


Իտալիոյ Եկեղեցին 17 յունուար 2012ին, կը նշէ Հրեայ-Կաթողիկէ երկխօսութեան խորացումի ու զարգացման 23րդ օրը որուն այս տարուայ նիւթն է <<Մի սպաններ>>պատուիրանը։ Ազգային հրեայ-Կաթողիկէ երկխօսութեան այս օրը սկիզբ առած է Իտալական եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի` կամքով 1990-ին, այսպէս ամէն տարի 17 յունուարը հաստատելով որպէս հրեայ-Կաթողիկէ երկխօսութեան օրը, ճիշդ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ նախօրեակին, որ ամէն տարի կը կատարուի 18-25 յունուար։ Այս թուականը (17 յունուարը) հաստատուած է մատնանշելու համար նաեւ՝ այն առանձնաշնորհեալ կապը քրիստոնեայ ու հրեայ կրօններու միջեւ։
Հրեաներու հետ Հոգեւոր երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահը՝ կարտինալ Գիւրթ Գոխ, այս առթիւ հրաւիրած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը, որ իրենց կարգին հաստատեն երկխօսութեան նշումի օր մը, մանաւանդ այն վայրերուն մէջ, ուր քրիստոնեաներն ու հրեաները կ՛ապրին կողք կողքի` ։
Հրեաներու օրուայ առթիւ Հռոմի Բալացցօ Մոնթէչիթորիոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համաժողով <<ընտանիքը որպէս տնտեսութեան ծաւալումի շարժիչ ուժ։ Արժէք ու հեռանկար>> նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.