2012-01-17 13:52:06

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Երանի՜ Հալածուածներուն


Դիւանագիտական Մարմնի ուղղած իր տարեկան ճառին մէջ` միջազգային ընդհանուր կացութեան ակնարկելով հանդերձ, Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ կրօնական ազատութեան կարեւոր հարցին, որ իր անցեալ տարուայ ճառին կեդրոնական նիւթը հադիսացած էր, եւ որ այսօր եւս՝ կը շարունակուի ըլլալ ողբերգական մէկ իրողութիւն մը, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, եւ որ իր գագաթնակէտին հասաւ Փաքիստանի փոքրամասնութիւններու կաթողիկէ նախարար՝ Շահպազ Պհաթիի սպանութեամբ։
Այս ուղղութեամբ կ՛ուզենք նշել աւետարանական միջազգային <<Բաց Դռներ>> կազմակերպութեան` <<աշխարհի մէջ քրիտոնեաներու դէմ հալածանքներ>> տարեկան հաշուետութեան տեղեկագրութիւնը, որ կ՛ ուսումնասիրէ <<հալածանքներու համաշխարհային ցուցանիշը>> որուն առաջին տասը տեղերը կը գրաւեն հետեւեալ երկիրները.
Հիւսիսային Գորէան, Աֆղանիստանը, Սաուտական Արապիան, Սոմալիան, Իրանը, Մալտիւեան կղզիները, Ուզպէքիսթանը, Եէմէնը, Իրագը եւ Փաքիստանը։
Լուրջ մտահոգիչ երեւոյթներու շարքին, նշելու ենք իսլամ ծայրայեղներու աճումը որ սարսափելի բռնութիւններ կը գործադրեէ ամենուրէք, ինչպէս է օրինակը Նիճէրիոյ մէջ Պօքօ Հարամ աղանդին, ու անապահովութեան մթնոլորտը որ ցաւօք շատ մը երկիրներու մէջ կ՛ուղեկցի <<արաբական գարունի>> զարգացումներուն, ստիպելով շատ մը քրիտոնեաներ փախչելու եւ արտագաղթելու իրենց երկիրներէն։
Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, հրատարակած է, անցեալ տարուայ ընթացքին՝ աշխարհի մէջ սպաննուած կաթողիկէ գործիչներու ցանկը։
Անոնց թիւն է՝ 26, որոնց 18-ն քահանայ, 4-ը կրօնաւոր եւ 4-ը աշխարհականներ են։
Լատին Ամերիկայի տարածքին սպաննուած՝ 13 քահանաները կը յայտնաբերեն այդ շրջանի մի քանի երկիրներու մէջ տիրող բռնութեան իրավիճակը, որոնց առաջին տեղը կը գրաւեն Գոլոմպիան եւ Մեքսիքօն։
Յիսուս Քրիստոսի անունին համար հալածանք կրելը, կեանքի գնով վճարել հաւատքի եւ արդարութեան ի սպաս ծառայութիւնը, ուղեկից են եւ միշտ պիտի ուղեկցին առաքեալներու ճանապարհորդութեան։
Չենք կրնար զարմանալ, այս իրողութիւնները նոյնիքն Յիսուս մեզի յայտնած էր Լերան Քարոզի ընթացքին, երանելիներու շարքի վերջին խոստումով <<ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկնքի մէջ>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.