2012-01-17 12:06:24

Հայոց Պատմութիւն :
ԱՐՄԷՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ


Արմէնները կը պատկանին հնդեւրոպական ցեղի ժողովուրդներուն. Այս ցեղը երեւան եկաւ Քրիստոսէ առաջ 20-րդէն մինչեւ 10-րդ դարերուն եւ ճիւղաւորուեցաւ երկու մասի. Մաս մը գնաց Հնդկաստան եւ մաս մըն ալ գրաւեց Եւրոպան ու Կովկասը։
Ու՞սկից յառաջ եկան հնդեւրոպացիները։
Ոմանք կը կարծեն թէ անոնք եկած են Սիպերիոյ տափաստաններէն, երբ, կլիմայի սառեցման պատճառաւ` տեղաբնակ ժողովուրդները գաղթեցին դէպի հարաւ-արեւմուտք։ իսկ ուրիշներ կ՛ըսեն թէ Տանուպ եւ Վոլկա գետերու միջեւ տարածուող դաշտագետնի բնակիչներն են որոնք տարածուած են Եւրոպայի եւ Ասիական մէկ մասին վրայ։ Արմէնները փոքր մաս մըն էր այս ցեղախումբին որոնք իրենց պետին` Հայկի առաջնորդութեամբ, 7-րդ եւ 6-րդ դարերու միջեւ Ք. Ա., արեւմուտքէն մուտք գործած են Ուրարտու եւ գրաւած անոր բարձրաւանդակները, ընկճելով տեղացի ժողովուրդը, խալդինեըը։
Ի՞նչպէս եղաւ նուաճումը Ուրարտուի Արմէններու կողմէ։
Արմէնները բաւականին խիզախ ժողովուրդ մը եղած պէտք են ըլլալ, որովհետեւ մինչ իրենց միւս ցեղակիցները գոհացան բերրի դաշտեր գրաւելով, իրենք յանդգնեցան մագլցելու անառիկ լեռները եւ տէրը դարձան ուրատական արդէն անկեալ տէրութեան. Պարտադրեցին իրենց լեզուն տեղական ժողովուրդին եւ կազմեցին երկրին զինուորական ազնուականութիւնը, մինչ բնիկները դարձան գործաւոր ու հպատակ դասակարգը։ Հետզհետէ այս երկու տարրերը միացուլուեցան եւ ծնունդ տուին մէկ նոր ազգի մը, ներկայ Հայ Ազգին, որ կը կոչէ ինքզինք Հայ իր առաջնորդի` Հայկի անունով, եւ Արմէն կը կոչուի օտարներու կողմէ։
Ի՞նչ ընտանիքի կը պատկանի հայ լեզուն։
Հայ լեզուն կը պատկանի հնդեւրոպական ընտանիքին. Այս ցեղի լեզուները կը բաժնուին 12 ճիւղերու, որոնցմէ գլխաւորներն են լատիներէնը, յունարէնը, պարսկերէնը, կելտեան լեզուները, կովկասեան լեզուները, սլաւ լեզուները, հիւսիսային հնդկերէնը, սանսգրիթը եւ հայերէնը։ Բազմաթիւ փաստերով եւ նմանութիւններով կարելի է ճշդել հայ լեզուի պատկանումը հնդեւրոպական լեզուներու խումբին, ունենալով իր առանձնայատկութիւնները. Անշուշտ դարերու ընթացքին կրած է ազդեցութիւնը դրացի կամ իշխող ազգերու լեզուներուն, մասնաւորապէս պարսկերէնի եւ յունարէնի, ինչպէս նաեւ հետագային` արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի. սակայն միշտ մնացած է ինքնուրոյն լեզու մը որ կը խօսուի միայն հայ ժողովուրդի կողմէ, ունենալով անշուշտ նաեւ իր յատուկ գիրն ու քերականութիւնը։
Ի՞նչ կը մտածեն օտար գիտնականները հայ լեզուի մասին։
Գերմանացի Հիւպշմանն կը դասէ զայն որպէս առանձին եւ իւրայատուկ ճիւղ մը հնդեւրոպական լեզուներուն միջեւ։ Ֆրանսացի Մէյէ հիացումով կ՛արտայայտուի հայ լեզուի մասին, անոր հնչաբանութեան ու քերականութեան շուրջ։ Իսկ ֆրանսացի Տիւլօրիէ կը դրուատէ հայ լեզուի ճկունութիւնը եւ մանաւանդ դիւրութիւնը նոր բառերու կազմութեան մէջ. այսպէսով ան կը կը նկատէ հայ լեզուն որպէս երիտասարդ լեզու մը, միշտ կենդանի, որ ամէն ժամանակի մէջ կը յաջողի դիւրութեամբ նոր բառեր կազմել, գիտութեան կամ արդի քաղաքակրթութեան բոլոր տուելաներուն յարմարելով առանց որեւ դժուարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.