2012-01-17 13:51:43

Հայազգի Ջութակահար Սոնիկ Չաքերեանի Ելոյթը Հռոմի Մէջ։


Հինգշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան ժամը 9.15-ին Հռոմի ՜՜Թէաթրօ Արճենթինայ''ի մէջ Ելոյթ պիտի ունենայ հայազգի ջութակահար Սոնիկ Չաքերեան։ Յայտագիրը կը բովանդակէ Պեթհովէնի գործերէն կտորներ: Հայազգի արուեստագիտուհիին կ՝ընկերանայ դաշնամուրի վրայ, յայտնի դաշնակահար Ռոպէրթօ Բրոսսէտան։
Սոնիկ Չաքերեան փոքր տարիքէն սկսած է նուագել իր հօրը հովանաւորութեամբ։
16 տարեկանին Իտալիա փոխադրուած է, երաժշտական ուսումը շարունակելու եւ բարձրագոյն նիշերով վկայուած է, ապա շարունակած հմտանալ արուեստի մէջ։
Մասնակցած է բազմաթիւ մրցոյթներու եւ արժանացած՝ մրցանակներու. յիշենք յատկապէս՝ 1980-ին Ճենովայի Բականինի մրցանակը եւ 1982-ին եւ 1988-ին՝ Monaco di Baviera-ի' ARD. մրցանակներուն։
Ելոյթներ ունեցած է առանձին ու նաեւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։ Կը համարուի այն հազուագիւտ ջութակահարներէն որ Բականինիի ՜՜Գաբրիչչին՝՝ ամբողջութեամբ նուագած է, եւ որուն խտասալիկը լոյս տեսած է 2003-ին։
Իր ամուսնոյն՝ խմբավար Ճովաննի Պաթթիսթա Ռիկոնի հետ, հիմնդիրներն են Վիչենցայի փառատօնին, որ ամէն տարի կը հրաւիրէ հռչակաւոր երաժիշտներ ու նուագողներ։ Փառատօնը տեղի կ՝ունենայ Բալլատինօ թատրոնը եւ կը սփռուի Իտալիոյ պետական RAI- Radiotre-էն։
Սոնիկ Չաքերեան Երաժշտութեան դասատու է եւ կը պատրաստէ ապագայ ջութակահարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.