Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամի Ընթերցումով Սկիզբ Առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն:
Կիրակի 15 Յունուարին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագի ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն: Արդարեւ Արամ Ա.
Կաթողիոսը՝ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ Եունեսքոյին կողմէ ներկայ
տարին Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, 2012 տարին հռչակեց Հայ Գիրքի Տարի: Իր
Հայրապետական Պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք՝ 500
տարուայ Հայ Գիրքի երկար ճանապարհը, շեշտը կը դնէ ներկայ ժամանակներու Հայ Գիրքին նկատմամբ
մեր ունեցած հաւատարմութիւնը աւելի զօրացնելու հրամայականին վրայ: Հայրապետական պատգամին
վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ըսելով.-
ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ
փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ
գիրքէն ճառագայթող արժէքները: բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ
օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տպագրութեան՝ մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ
հաստատելով: գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն՝
տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով:
դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով,
որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն
հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց
ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին,
որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն: Արամ
Ա. կաթողիկոսը, Կիրակի օրը անգամ մը եւս շեշտեց Հայ Գիրքի առանցքային կարեւորութիւնը
մեր կեանքէն ներս, ըսելով՝ թէ ՜՜Հայ Գիրքը պէտք է դառնայ մեր սիրելի ընկերը՝ հայ ընտանիքին,
հայ դպրոցին, հայ միութեան ու հայ կեանքին մէջ միշտ մնալով պայծառակերպիչ ու հարստացուցիչ
ներկայութիւն՝՝։