Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իր Օրհնութիւնը Հաղորդած Է Մարոնի Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսին Կատարած
3 Եպիսկոպոսներու Ընտրութեան Համար։
Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը հաղորդած է մարոնի եկեղեցւոյ սիւնոդոսին կատարած' 3 եպիսկոպոսներու
ընտրութեան առթիւ։ Մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը ընտրած է երեք նոր եպիսկոպոսներ.
գերապայծառ Միշէլ Աունը` առաջնորդ Լիբանանի Ժպէյլ-Պիպլոս թեմին, Հայր Էլիաս Սլէյմանը՝
Սուրիոյ Լաթաքիա թեմին, մինչեւ օրս եղած է դատաւոր Լիբանանի եկեղեցական ատեաններու եւ
իրաւագիտութեան դասատու եւ Գերապայծառ Մունիր Խէյրալլան՝ առաջնորդ Լիբանանի Պաթրուն
թեմին։