2012-01-16 13:15:01

Յունաստանի Դեսպանի Այցելութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Լիբանանի մէջ Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան դոկտ. Քաթրին Պուրան ուրբաթ, 13 յունուար 2012-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի մայրավանքը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Նկատի ունենալով, որ այս այցելութիւնը դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր թէ՛ Լիբանան եւ թէ՛ Անթիլիաս, վեհափառը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր Լիբանանի ներքին կացութեան, հայ համայնքին, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատին առնչուած աշխատանքներուն գծով, միաժամանակ` յիշեալ հարցերուն շուրջ ներկայացնելով իր անձնական արժեւորումները եւ տեսակէտները:
Դեսպանին մասնագիտութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակակից պատմութիւնը ըլլալով` խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը կազմեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան խորացումը` նկատի ունենալով հետզհետէ աճող Թուրքիոյ թափանցումը շրջանին մէջ եւ անոր հեռաւոր նպատակները:
Յայտնենք, որ այս առիթով դեսպանը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Յունաստանի հայութեան եւ անոր բերած դրական նպաստին` Յունաստանի բարգաւաճման աշխատանքին մէջ:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենակին մէջ ընդունեց Ղազախիստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեանը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ դեսպանը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ վեհափառին ընդհանրապէս Ղազախիստանի եւ յատկապէս իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Վեհափառը բարձր գնահատեց դեսպանին ծառայութիւնը, որ պատիւ մըն է Լիբանանի եւ ամբողջ հայութեան:
Դեսպան Գաւլաքեան յայտնեց վեհափառին, որ Ղազախիստանի պետութեան կողմէ պիտի հրաւիրուի մասնակցելու՝ Ղազախիստանի մէջ տեղի ունենալիք միջկրօնական միջազգային համագումարին:









All the contents on this site are copyrighted ©.