2012-01-16 13:13:02

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Միջեւ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի Հաւաքը՝ Ատտիս-Ապէպայի Մէջ ։


Եւթովպիոյ մէջ 16- 23 յունուար տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային Յանձնախումբի հաւաքը։ Սոյն հաւաքին կը մասնակցին ի շարս ՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ կարտինալ Գիւրդ Գոխ եւ սոյն խորհուրդի անդամ՝ հայր Կապրիել Քուիք։ Նշենք որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային Յանձնախումբը հիմնուած է 2003-ի յունուարին, ու այս Յանձնախումբի մաս կը կազմեն Ղպտի եւ Ասորի օրթոտոքս եկեղեցիները, Հայ առաքելական եկեղեցին՝ Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Աթոռի ներակայացուցիչներով, նաեւ՝ Եւթովպիոյ ու Էրիթրէայի օրթոտոքս եկեղեցիները ինչպէս նաեւ Ասորի Մալանքար օրթոտոքս եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.