2012-01-16 13:14:15

Գանատայի Եպիսկոպոսական Դասի Կայքը Նոր Բաժին Մը Բացած Է Գանատայի Բնիկներուն Մասին`


՜՜Կաթողիկէ Եկեղեցին Եւ Գանատայի Բնիկ Բնակչութիւնը՝՝ Վերտառութեամբ։
Սրբուհի Մարկերիթ Պուրժուայի տօնին օրը, Գանատայի եպիսկոպոսական դասը իր կայքին մէջ նոր բաժին մը բացած է նուիրուած՝ Գանատայի բնիկ ժողովուրդներուն։
Նոր էջին նպատակն է պաշտպանել ու պահպանել Գանատայի բնիկ ժողովուրդներուն պատմութիւնն ու աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ նոր էջը կը պարզէ բնիկներու հանդէպ տարուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուական գործունէութիւնը։ Յայտնենք որ Մարկերիթ Պուրժուան իր կեանքը նուիրած էր բնիկներու զաւակներուն դաստիարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.